2017-07-19 09:35:00

Ֆաթիմայի մէջ երիտասարդներու Յոբելեանը 9 եւ 10 սեպտեմբերին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆաթիմայի երեւումներուն 100-րդ տարեդարձին առիթով Ֆաթիմայի սրբավայրը կը պատրաստուի տօնախմբելու երիտասարդներու յոբելեանը որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 9 եւ 10 սեպտեմբերին որպէս նպատակ ունենալով  «Մարիամի յղած պատգամին ընդմէջէն վերագտնել 21րդ դարու երիտասարդներուն ուղղուած հոգեւորականութեան առաջարկ մը»։

Յոբելեանի կեդրոնական նիւթը կը հանդիսանայ «խաղաղութեան գաղտնիքը, սրտի ուղեւորութիւնը» որ ուղղուած է 16 – 35 տարեկան երիտասարդներուն եւ պիտի իրականացուի Փորթուկալի երիտասարդութեան հովուական խնամակալութեան գրասենեակի համագործակցութեամբ ու թեմական եկեղեցիներու աջակցութեամբ։

Երկու օր տեւողութեամբ յոբելեանի յայտագիրը ունի չորս հանգրուան. Պատրաստել խաղաղութիւնը, խաղաղութեան սիրտը, սրտի խաղաղութիւնը եւ ապրիլ խաղաղութիւնը։

10 սեպտեմբերի առաւօտեան երիտասարդները իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն վարդարանի ջերմերանդական աղօթքին որուն պիտի յաջորդէ սուրբ պատարագը ապա Յոբելենական օրհնութիւնն ու թափօրը որով կ՛աւարտի յոբելեանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.