2017-07-17 11:52:00

Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհաւորագիրը «քրիստոնեայ աշխատաւորներուն» համաշխարհային շարժումին


(Ռատիօ Վատիկան) Քրիստոնեայ  աշխատաւորներու համաշխարհային շարժումի հիմնադրութեան 50 ամեակի առիթով, կիրակի 16 յուլիս՝2017-ին,  Վատիկանի  Պետական քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթռօ Փարոլին, յանուն ֆրանչիսկոս Պապին շնորհաւորական պատգամ մը յղեց Սպանիոյ  Աւիլա քաղաքին մէջ գումարուած շարժումի համագումարին մասնակիցներուն։

Շնորհաւորական մաղթանքին մէջ ծիրանաւորը Նորին Սրբութեան մաղթանքը յայտնած է, որ աշխատաւորները շարունակեն իրեն ձայնը  հնչեցնել եկեղեցւոյ ծոցին մէջ։

Կարդինալ Փառոլին  ապա անդրադառնալով աշխատաւորներու այս տարուան համագումարի խորագիրին՝ «Երկիր, տուն եւ աշխատանք՝ արժանավայել կեանքի ի սպաս». ընդգծած է, թէ   անձին արժանապատուութիւնը սերտօրէն  առնչութիւն ունի  սոյն երեք իրականութիւններուն հետ,  որոնք յիշել կու տան մարդ էակին   հիմնական փորձառութիւնը,  այն է  արմատացած զգալ  երկրի , կեանքի եւ ընկերութեան մը մէջ, աւելցնելով որ «երկիր , տուն եւ աշխատանք»  կը նշանակէ պայքարիլ, որպէսզի իւրաքանչիւր անձ կարենայ ապրիլ իր արժանապատուութեան համաձայն եւ ոչ մէկը ինքզինք մեկուսացուած զգայ։

Ի վերջոյ Կարդինալ Փառոլին պատգամը աւարտած է  ֆրանչիսկոս Պապին քաջալերանքով՝ ուղղուած  քրիստոնեայ աշխատաւորներուն, որպէսզի անոնք վերանորոգուած սլացքով յարատեւեն աշխարհին մէջ  աւետարանը տարածելու աշխատանքները։  








All the contents on this site are copyrighted ©.