2017-07-17 10:19:00

Հայոց լեզուի վաստակաշատ ուսուցչուհիներու պարգեւատրում


Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան կազմակերպութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ հայերէն լեզուի վաստակաշատ ուսուցիչներու նուիրուած երախտագիտութեան ձեռնարկ մը:

Բացման խօս քով հանդէս եկաւ Հայաստանի սփիւռքի նախա րար Հրանոյշ Յակոբեան, որ, գովաբանելով ուսուցիչներու նուիրական աշ խատանքը, վեր առաւ անոնց ունեցած անփոխարինելի դերը Սփիւռքի մէջ հայ լեզուի պահպանման եւ հայ սերունդներու կերտման մէջ:

Նախարար Յակոբեան հայ ուսուցիչը նկատեց Հայաստանի եւ Սփիւռքի ամրակուռ կամուրջը, որուն միջոցաւ հայ նոր սերունդը կը կապուի Հայաստանին եւ կառչած կը մնայ իր հայ արմատներուն:

Յայտագրի վերջին հատուածով տեղի ունեցաւ պարգեւատրումի արարողութիւն, որուն ընթացքին հայ լեզուի վաստակաշատ եւ թոշակառու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ արժանացան նախարարութեան գնահատագրին եւ երախտագիտական կամ «Մայրենիի Դեսպան» մետալներուն:

Առ ի գնահատանք մեր վաստակաւոր ուսուցիչներուն, կը ներկայացնենք պարգեւատրեալներուն անուանացանկը.

Մաքրուհի Խաչատուրեան (Ազգային Ռուբինեան վարժարան), Զապէլ Պոյաճեան (Ազգային Ռուբինեան Ս. Մ. վարժարան), Ազնիւ Ալթունեան (Ազգային Ռուբինեան Ս. Մ. վարժարան), Սիրարփի Քէտէրեան (Ազգային Ռուբինեան Ս. Մ. վրժ.), Մաքրուհի Երկանեան (Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան գոլէճ), Դոկտ. Մարի Պեքարեան (Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան գոլէճ), Աւետիս Տիպան (Վահան Թէքէեան Միջնակարգ վարժարան), Ռիթա Թամուկեան (Վահան Թէքէեան Միջնակարգ վարժարան), Շաքէ Տոմպուրեան (Վահան Թէքէեան Միջնակարգ վարժարան), Լորիս Թուղլաճեան (Վահան Թէքէեան Միջնակարգ վրժ.), Վերժին Սաաթճեան (Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարան), Անի Տագէսեան (Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարան), Լենա Սահակեան-Ճորճեան (Հայ Աւետարանական Փ. եւ Է. Թորոսեան Միջնակարգ վարժարան):

Նշենք, որ նոյն ձեռնարկի ընթացքին պարգեւատրուեցան նաեւ լիբանանահայ գործիչներ` Հրայր Տանձիկեան, Արթիւր Գունտաքճեան եւ Էտկար Դաւիթեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.