2017-07-15 10:47:00

Հալէպի մէջ պիտի վերականգնուի Ս․ Քառասուն Մանկանց եկեղեցին


Սուրիոյ Մէջ հունի մէջ կը մտնէ խաղաղ կեանքը։ Հալէպի մէջ պիտի սկսին վերականգնելու հայ առաքելական Ս․ Քառասուն Մանկանց եկեղեցին, կը հաղորդէ ռւսական NTV հեռուստակայանը:

2017-ի Դեկտեմբեր 16-ին Սուրիոյ բանակը աւարտեց Հալէպի արեւելեան թաղամասերու ազատագրումը, որու շնորհիւ պայմաններ ստեղուեցան սուրիական հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար:

Կը նախատեսուի, որ հայկական եկեղեցւոյ վերականգնողական աշխատանքը պիտի մեկնարկեն արդէն Յուլիսին, իսկ վարդագոյն տուֆը, որմէ կառուցուած է եկեղեցին պիտի բերուի Հայաստանէն, կը յայտնէ աղբիւրը։

Կը նշուի, որ պատերազմէն առաջ բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ եւ ուխտաւորներ կ՛այցելէին եկեղեցին: Թէեւ եկեղեցին հայկական է, սակայն այստեղ մոմ կը վառէին նաեւ աշխարհի տարբեր կողմերէն եկած զբօսաշրջիկներ եւ հաւատացեալներ։

Քառասուն Մանկանց եկեղեցին կառուցուած է 15-րդ դարու սկիզբը, տուժած է բազում արշաւանքներէ ու պատերազմներէ, բայց ամէն անգամ վերականգնուած է ամբողջ աշխարհով մէկ սփռուած հայութեան ջանքերով:

Հալէպի ազատագրումէն ետք եկեղեցին չի գործեր, քանի որ տուժած է արկակոծութիւններէ եւ պայթիւններէ: Ամբողջ աշխարհի հայերը դրամահաւաք սկսած են Սուրիոյ ամենագեղեցիկ եկեղեցիներէն մէկը վերականգնելու համար, կը յայտնէ հեռուստակայանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.