2017-07-14 08:13:00

Հարաւային Սուտանի եպիսկոպոսներուն խաղաղութեան պահանջը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Հարաւային Սուտանի ազատագրումէն վեց տարիներ ետք,Երկրին մարդկայնական տագնապը աւելի վատ է քան երբեք, մարդկային իրաւունքներիու խախտումներով ու քաղաքացիական պատերազմի շարունակութեամբ''։ Այսպէս կը գրէ Թոմպուրա Եամպօ Թեմին եպիսկոպոս գերապայծառ Էտուարտ Սիիպորօ Քուսսալան, Հարաւային Սուտանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը, Հարաւային Սուտանի անկախութեան (9 յուլիս 2011) վեցերորդ տարեդարձին  առթիւ հրապարակած մէկ պատգամին մէջ։ Եպիսկոպոսը ապա կը վստահացնէ թէ Ինք կ՛ուզէ շարունակել գործել երկիրին խաղաղութեան համար ու իր կեանքը նուիրել մշտական խաղաղութեան ի սպաս­։ Ան ապա կ՛ակնարկէ այլ կրօններու պատկան հաւատացեալներու իղձին ու յոյսին ինչպէս նաեւ անոնց յանձնառումին ձեռք բերելու իսկական խաղաղութիւնը։

Գերապայծառ Քոսսալա ապա կը նշէ չորս կէտէր որոնք անհրաժեշտ կը նկատէ. առաջին` զինադադարը. Բոլորն ալ պէտք է իրենց զէնքերը վար առնեն։ Ապա ազգային երկխօսութիւն, որուն պէտք է թիկունք կանգնիլ ամէն միջոցներով, հուսկ  ''ազգային սնանկացումի յայտարարութիւն'' որովհետեւ երկիրն մէջ այլեւս դրամ չկայ ու կառավարութիւնը կարող չէ իր պարտքերը վճարել,  ֆինանսական չարաշահումներու հետեւանքով եւ ի վերջոյ հրաւէր խաղաղութեան ի նպաստ աղօթքի։ ''Պէտք է անյապաղ աղօթել խաղաղութեան համար, կոչ կ՛ուղղէ Հարաւային Սուտանի Եպիսկոպոսներու նախագահը, որպէսզի մարդոց սրտերը առաջնորդուին սէրէն ու փոխադարձ վհատութենէն, անկախ անոնց ցեղային կամ հասարակական պատկանելիութենէն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.