2017-07-14 09:41:00

«Սփիւռքը նոր հորիզոններու դիմաց...» խորագրեալ համախմբումը աւարտեց իր աշխատանքները։


«Սփիւռքը նոր հորիզոններու դիմաց. Սփիւռքի հայուն ինքնահասկացողութիւնը» խորագիրով համախմբումը երէկ` հինգշաբթի, 13 յուլիսին աւարտեց իր աշխատանքները` յայտարարութիւն մը բանաձեւելով:

Հաւաքին եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեան որ գնահատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան այս նախաձեռնութիւնը, որ կարելիութիւն տուաւ տարբեր մօտեցումներով հասկնալու հայ ինքնութեան ներկան: Նախարարը հիմնականօրէն կարեւոր նկատեց հետեւեալը. «Ի՞նչ ծրագիրներ գտնենք հայը դէպի հայրենիք տանելու», մանաւանդ աշխարհատարած աւելի քան 800 համայնքներով ու անոնց մէջ ապրող բազմաշերտ մշակոյթներով օժտուած հայութեամբ, որոնք հակառակ տարբերութիւններուն, ունին ընդհանուր գիծեր, ինչպէս` արմատ, ինքնագիտակցութիւն, հայրենիք, պատմութիւն, հայրենիքի հետ գիտակցական կապ: Յակոբեան խօսեցաւ հայկական ինքնութեան զարգացման ու պահպանման ուղղութեամբ կատարուող գործին մէջ երկու կարեւոր կէտերու մասին` երիտասարդներու միջոցով արձանագրուած զարգացումները եւ համայնքային կեանքէն հեռացած խումբերը դէպի մեզի բերելը` յայտնելով, որ մենք պէտք ունինք նաեւ այս երկրորդ խումբին: Ան ակնարկեց, որ հայոց պետականութիւնը հզօր է սփիւռքով, եւ այս առումով նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Հայաստանի մէջ այս տարուան սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին տեղի պիտի ունենայ Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համաժողովը, որուն մասնակիցները մեծաւ մասամբ պիտի ըլլան հայկական համայնքներուն մէջ աշխուժ երիտասարդներ, յայտարարեց ան, աւելցնելով, որ նման նախաձեռնութիւններով սփիւռքի նախարարութեան կազմուելէն ետք Հայաստան ալ աւելի կը ծանօթանայ սփիւռքին եւ անոր էութեան:

Իսկ ինչ կը վերաբերի սփիւռքին Հայաստանի հետ մշակած կապերուն, նախարարը ըսաւ, որ ամէն բանէ վեր պէտք չէ կորսնցնել հայրենիքին հետ կապի զգացողութիւնը, այսինքն` հայ զգալ եւ հայրենիքին հետ գիտակցական կապ հաստատել: Հայ ինքնութեան ամրապնդման շեշտադրումներ նկատեց պահանջատիրութիւնը, Արցախի հզօրացումը, հայրենիքի հզօրացումն ու զայն արդար ու օրինակելի դարձնելու պատասխանատուութիւնը, ինչպէս նաեւ հայկական իտէալներ ստեղծելու կարեւորութիւնը: Քաղաքական ինքնութեան առումով, նախարարը յայտնեց, թէ հայ է ան, որ ինքզինք հայ կը զգայ, ունի հայկական արմատներուն կառչածութիւն եւ պատրաստ է աշխատելու ու գործակցելու այդ ուղղութեամբ:

Եռօրեայ հաւաքին փակումը կատարեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Ան յայտնեց, որ հաւաքը հաւաքական ճիգ մըն էր եւ հոլովոյթի մը սկիզբը, որուն նպատակը եզրափակումներ ունենալը չէ, այլ միասին մտածելը, տագնապիլը եւ ապագային նայիլը: Վեհափառ հայրապետը գնահատեց հաւաքին որակը, ցուցաբերուած լրջութիւնը եւ մասնակիցներուն մօտ յանձնառութիւնը: Հաւաքը ինքնաքննարկումի հրաւէր մըն է եւ ճիշդ է, որ ներկայացուած զեկուցումներուն եւ կատարուած զրոյցներուն իբրեւ հետեւանք արտայայտուեցաւ անհանգստութիւն` իր դրական իմաստով, սակայն այս անհանգստութիւնը յառաջ կը բերէ արթնութիւն եւ ինքնաքննութիւն: Հաւաքը կատարեց հարցադրումներ, որոնց ընդմէջէն նախ եւ առաջ մէջտեղ եկաւ սփիւռքի ինքնութեան համահայկական խնդիր ըլլալու շեշտը, այսինքն` սփիւռքի հայութեան ինքնութիւնը միայն սփիւռքին խնդիրը չէ, այլ հայ ազգին առաջնահերթ հարցերէն մէկն է: Վեհափառ հայրապետը նշեց, որ սփիւռքը իր հարցերուն չի կրնար մօտենալ ինքնանպատակ ձեւով եւ Հայաստանը անջատելով անկէ, քանի որ վերջինս ալ իր կարեւոր ներդրումը ունի ասոր մէջ: Պէտք է գիտնալ ի՛նչ տալ իրարու եւ ի՛նչ ստանալ իրարմէ, ըսաւ վեհափառ հայրապետը, երբ անդրադարձաւ Հայաստան-սփիւռք կապերուն: Սփիւռքի հզօրացումը կ՛ենթադրէ մեր կառոյցներուն վերաշխուժացումը, ընդգծեց վեհափառ հայրապետը եւ կարեւոր նկատեց հայ երիտասարդին դերը ասոր մէջ: Այս առնչութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոս յայտարարեց, որ կաթողիկոսարանի Երիտասարդական բաժանմունքը սփիւռքի գաղութներուն մէջ թեմական մակարդակի վրայ պիտի կազմակերպէ նոյն նիւթով համագումարներ, ինչպէս որ տարի մը առաջ բաժանմունքը կատարած էր երիտասարդութեան եւ համացանցին օգտագործման ու առցանց ըլլալուն կարեւորութեան մասին: Եզրափակելով Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ, որ ինքնութեան հարցը բազմերես է ու բարդ եւ սեմինարի ճամբով կարելի չէ հարցեր լուծել. անհրաժեշտ է շարունակել հաւաքական ճիգերը` հասկնալու համար այս բարդութիւնը, քանի որ վերէն հրամայելով ոչ մէկ բան կը փոխուի:








All the contents on this site are copyrighted ©.