2017-07-13 10:46:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Արկենդինայի Քրիստոնէականի գիտաժողովին. ''Քալել Քրիստոսի հետ''։


(Ռատիօ Վատիկան) 11-14 Յուլիսին, Արկենդինայի Պուէնոս Այրեսի Քահանայապետական Կաթողիկէ Համալսարանի Աստուածաբանութեան Կաճառը, կը հիւրընկալէ Քրիստոնէականի Ուսուցման միջազգային գիտաժողով մը, կազմակերպուած Արկենդինայի Քրիստոնէականի ուսուցման հիմնարկի կողմէ, որ մաս կը կազմէ Արկենդինայի Եպիսկոպոսական Ժողովի Քրիստոնէականի ուսուցման եւ Աստուածաշնչային Հովուականի յանձնաժողովին։ Գիտաժողովի բնաբանն է՝ «Երանի անոնց, որոնք կը հաւատան»։ Բանախօսներու կարգին կը ներկայանայ նաեւ Աքեպիսկոպոս Լուիզ Ֆրանսիսքօ Լատարիա, Հաւատոյ Տարածման Ժողովի կառավարիչը, ինչպէս նաեւ Գերապայծառ Հոզէ Ռուից Արենաս, նախագահ կիներու սարկաւագութեան ուսումնասիրութեան յանձնախումբի եւ քարտուղար Նոր Աւետարանումի Յառաջացման Քահանայապետական Խորհուրդի։

Այս առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը ուղղած է Ռեզիզթենսիայի Արքեպիսկոպոս Ռամոն Ալֆրետօ Տուսի, որ Նախագահն է Քրիստոնէականի Ուսուցման եւ Աստուածաշնչային Հովուականի Եպիսկոպոսական Յանձնաժողովի։

Սրբազան Պապը պատգմաի սկիզբը կը յիշէ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի խօսքը, ուր կʼըսէր՝ «Եղբայր, երբ մենք կʼայցելենք հիւանդները, կʼօգնենք մանուկներուն եւ կը կերակրենք աղքատները, արդէն իսկ քարոզած կʼըլլանք։»

Քրիստոնէականի ուսուցումը, ուսուցանողին համար պարզ «աշխատանք» մը եւ կամ արտաքին պարտականութիւն մը չէ, այլ առաքելութիւն մը, կʼըսէ Սրբազան Պապը. քրիստոնէականի ուսուցանող ըլլալ՝ ծառայութեան կոչում մըն է Եկեղեցիէն ներս. այն ինչ որ Աստուծմէ ստացուած ենք իբր պարգեւ պէտք է նաեւ փոխանցենք։ Այդ ուսուցման կենդրոնն է՝ Տիրոջ մահուան եւ յարութեան աւետարանումը, որ քրիստոնէական կեանքի կենդրոնն է։

Քրիստոնէականի ուսուցիչը կը քալէ Քրիստոսի հետ. ան չունի անձնական գաղափարներ կամ ճաշակ, այլ հրաժարած է անոնցմէ։ Սրբազան Պապը կը շեշտէ թէ քարոզութեան եւ ուսուցման շարժակը Քրիստոսի սէրն է։ Քրիստոսի սիրոյն մէջ կը զարգանայ ուսուցանողը կամ քարոզիչը։

Քրիստոնէականի ուսուցիչը ստեղծագործող է, կը շարունակէ Ֆրանչիսկոս Պապ, աւելցնելով, թէ ան կը փնտռէ տարբեր կերպեր եւ միջոցներ՝ քարոզելու համար Քրիստոսը։ Գեղեցիկ բան է ըլլալ պատգամաւոր Քրիստոսի, հաւատալ Քրիստոսի՝ որովհետեւ Ան է «ճանապարհ, ճշմարտութիւն եւ կեանք», Ան կը լեցնէ եւ կը փոխակերպէ մեր կեանքը ուրախութեամբ եւ հրճուանքով։








All the contents on this site are copyrighted ©.