2017-07-13 10:13:00

Չինաստանի մէջ 12 միլիոն մարդ յայտնուած է աղէտի գօտիի մէջ


Չինաստանի կեդրոնական շրջաններուն մէջ շարունակուող յորդառատ անձրեւներու իբրեւ հետեւանք աւելի քան 12,2 միլիոն մարդ աղէտի գօտիի մէջ կը գտնուի: Լուրը կը հաղորդէ ռուսական «Լենթա» կայքը` վկայակոչելով չինական աղբիւրը:

Հունան նահանգին մէջ, տեղական կառավարման մարմիններու տուեալներով, 83 մարդ զոհուած կամ անյայտ կորսուած է: Անոնց շարքին 28 մարդ մնացած է հողի սահանքներու պատճառով յառաջացած փլատակներու տակ, 13-ը ողողումի զոհ դարձած է, 22-ը մահացած է շէնքերու փլուզման ժամանակ, 4-ը խեղդուած է, իսկ 16 ուրիշներ կը նկատուին անյայտ կորսուած:

Անյապաղ կարգով հեռացուած է 1,62 միլիոն մարդ, աւելի քան 470.000 մարդ անմիջական նիւթական օգնութեան կարիք ունի:

Յորդառատ անձրեւները, որոնք չեն դադրիր 22 յունիսէն ի վեր, նահանգին մէջ 53 հազար բնակելի տուն աւերած են եւ լրջօրէն վնասած 68 հազար բնակարաններ:

Միւս կողմէ, Վիեթնամի իշխանութիւնները հաղորդեցին, որ հիւսիսային Վիեթնամի մէջ ողողումներու պատճառով արձանագրուած է 9 զոհ եւ 2 ուրիշներ անյայտ կորսուած են: Քանդուած են 80 բնակարաններ:








All the contents on this site are copyrighted ©.