2017-07-12 09:50:00

Յուլիս ամսուայ ընթացքին դադրած են չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնները։


(Ռատիօ Վատիկան)  Չորեքշաբթի 12 Յուլիսին եւ Յուլիս ամսուայ բոլոր չորեքշաբթի օրերուն ընթացքին դադրած կը նկատուին Ֆրանչիսկոս Պապին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնները, ինչպէս նաեւ դադրած են Քահանայապետին պաշտօնական բոլոր հանդիպումները եւ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցող ամենօրեայ պատարագները։

Հրապարակային ունկնդրութիւնները կը վերսկսին օգոստոս 2-ին, մինչ Տոմուս Սանթա Մարթայի պատարագները վերստին ընթացք կ՛առնեն Ֆրանչիսկոս Պապին սեպտեմբեր 6-11 Քոլոմպիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութենէն ետք։

Արդարեւ աւանդութիւն է որ Քահանայապետերը Յուլիս ամսուայ ընթացքին իրենց ամառնային արձակուրդներն ու հանգիստը կատարեն։ Ֆրանչիսկոս Պապէն առաջ անոնք Յուլիս ամիսն ու նաեւ օգոստոս ամիսը կ՛անցնէին Քասթելկանտոլֆոյի Քահանայապետական ամառնային պալատին մէջ։ Ֆրանչիսկոս Պապ իր ընտրութենէն ետք որոշեց այդ շրջանը անցնել Վատիկանի իր նստավայրին մէջ։

Նշենք թէ հրապարակային ունկնդրութիւններու սովորութիւնը սկիզբ առած է Պօղոս Զ Քահանայապետի օրով։ Հրապարակային կը կոչուի որովհետեւ այդ ունկնդրութեան կարող են մասնակցիլ բոլոր հաւատացեալները ու բոլոր անոնք որոնք կը փափաքին ներկայ գտնուիլ այդ հաւաքին։

Սկզբնական շրջանին հրապարակային ունկնդրութիւնը տեղի կ՛ունենար Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարին ներքոյ եւ կամ Վատիկանի այլ հրապարակներու վրայ։ 1975-ի Սուրբ տարուայ ընթացքին, երբ Հռոմ ժամանող հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու թիւը սկսաւ աճիլ, որոշուեցաւ հրապարակային ունկնդրութեան վայր ընտրել Սուրբ Պետրոսի հրապարակը։ Այդ օրէն սկսեալ այդ ունկնդրութիւնները կը կատարուին հրապարակի վրայ, մինչ ձմեռային ամիսներու ընթացքին ունկնդրութիւնները տեղի կ՛ունենան  ''Ներվի կամ Պօղոս Զ անուան Սրահին մէջ'', զոր երջանկայիշատակ Երանելի Պօղոս Զ Պապը զայն կառուցել տուած էր այդ դիտաւորութեամբ։

Արժանի է նշել թէ Ֆրանչիսկոս Պապին ընտրութենէն ետք, ուխտաւորներու մեծ թիւին բերումով, հրապարակային ունկնդրութիւնները ընդհանրապէս տեղի ունեցան Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ բացի 2014-ի օգոստոս Ամսուայ  ու 2015-ի Յունուար ամսուայ ունկնդրութիւններուն, որոնք տեղի ունեցան Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ։ Յայտնենք նաեւ թէ Ողորմութեան Յոբելենական արտակարգ սուրբ տարուայ ընթացքին, Սրբազան Քահանայապետին որոշումով, նախատեսուած էին յատուկ հրապարակային ունկնդրութիւններ որոնք տեղի կ՛ունենային ամիսը մէկ անգամ եւ շաբաթ օրով։

Ունկնդրութիւնները սկիզբ կ՛առնեն ընդհանրապէս օրուան աւետարանական ընթերցումով զոր զանազան խօսնակներ կը ներկայացնեն տարբեր լեզուներով, ապա տեղի կ՛ունենայ Սրբազան Քահանայապետին խորհրդածութիւնը որուն համառօտ ներկայացումը կը կատարուի տարբեր լեզուներով։ Ունկնդրութիւնը վերջ կը գտնէ Հայր մեր Աղօթքով ու Քահանայապետին առաքելական օրհնութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.