2017-07-12 11:33:00

Ընթացք առաւ «Սփիւռքը նոր հորիզոններու դիմաց. սփիւռքի հայուն ինքնահասկացողութիւնը» համախմբումը


Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին նաեւ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն մտաւորականներու եւ գործիչներու, Յուլիս 11-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ ընթացք առաւ «Սփիւռքը նոր հորիզոններու դիմաց. սփիւռքի հայուն ինքնահասկացողութիւնը» վերնագիրով համախմբումը:

Հաւաքին բացումը կատարուեցաւ տէրունական աղօթքով ու վեհափառ հօր հայրապետական օրհնութեամբ, որմէ ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ Երուանդ Փամպուքեան: Ան նշեց, որ երբ կը խօսի սփիւռքի հայեցի դիմագիծին մասին, նկատի ունի դասական սփիւռքը, որուն կազմաւորումը տեղի ունեցաւ առաւելաբար եկեղեցւոյ, դպրոցին եւ քաղաքական ու մշակութային կազմակերպութիւններուն շուրջ:

Ան մատնանշեց, որ այս սփիւռքին չորրորդ սերունդը նոյն ձեւով չ՛ապրիր, ինչպէս առաջին սերունդը, բայց յատկանշական է անոր` ազգային պահանջատիրութեան մասնակից ըլլալու հոլովոյթը, բան մը, որ անցեալին կը պատկանէր միայն քաղաքական խաւին: Թուելով կարգ մը դժուարութիւններ, ինչպէս` հայերէն լեզուի տեղքայլը, ան յայտնեց, որ ներկայիս կը պատշաճինք այս իրողութեան, եւ այդ պատճառով հայերուն «տունդարձ»-ի գաղափարը աւելի դժուար կը դառնայ: Ասով հանդերձ, սակայն, Հայաստան-Սփիւռք ներկայ կապերը գնահատելով, պատմաբանը յայտնեց իր լաւատեսութիւնը, թէ երբ տեղ մը քանդուի, ուրիշ տեղ մը կը ծաղկի: Փամպուքեան ակնարկեց նաեւ միացեալ ուղղագրութեան կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ մեր կողմէ դաւանափոխ հայերը ընդունելու անհրաժեշտութեան:

Ապա, ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ հիմնական նկատեց ազգային ինքնութեան եւ հայկական ինքնագիտակցութեան կարեւորութիւնը: Ան հայկական ինքնութեան խնդիրը ռազմավարական նկատեց եւ դիտել տուաւ, որ անիկա միշտ փոփոխութեան ընթացքի մէջ է ու բազմաշերտ է: Հայկական ինքնութեան առանձնայատկութիւններուն մասին խօսելով` նախարարը նշեց, որ անիկա հիմնուած է ցաւի ու տառապանքի վրայ: Հայկական սփիւռքը աշխարհի միւս սփիւռքներուն կողքին ամէնէն տարածուածն է, ըսաւ ան` շարունակելով, որ այս մէկը սփիւռքը դարձուցած է բազմամշակոյթ, ուստի` բազմաթիւ ինքնութիւններու տէր: Անդրադառնալով ծպտեալ հայերուն պարագային, նախարարը յայտնեց, որ նախարարութիւնը առանձին դրոյթով եւ պետական մակարդակով կը մօտենայ անոնց:

Հայկական ինքնութեան մէջ խորանալով` նախարարը խօսեցաւ խառն ամուսնութիւններուն եւ անոնց հետեւանքներուն, գիտակցօրէն հայկականութենէն հեռու ապրող հայերուն, աշխարհաքաղաքացի ըլլալ ուզողներուն, իսլամացած հայերուն, ինչպէս նաեւ իրենց արմատներուն վերադառնալ փափաքող հայերուն մասին: Ասոնց դիմաց ան կարեւորեց հայ մնալու երաշխիքները` եկեղեցի, դպրոց, պատմական յիշողութիւն, ընտանիք, աւանդութիւններու պահպանում, ազգային եւ մշակութային կառոյցներ, մամուլ, հայկական խորհրդանիշներ, անկախ Հայաստան ու Արցախ:

Եզրափակելով իր խօսքը` նախարար Յակոբեան նշեց, որ հայ երիտասարդին հարկ է գրաւիչ դարձնել հայկական ինքնութիւնը, Հայաստանն ու Արցախը, որպէսզի անոնց համար Հայաստանը դառնայ տուն եւ ոչ թէ պատմական հայրենիք: Ան ըսաւ, որ հիմնական խնդիրը հայրենադարձութիւնն է:

Նիստին աւարտին խօսք առնելով` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս սկիզբը անդրադարձաւ նման համագումարի կազմակերպման` դիտել տալով, որ անիկա հաւաքական ճիգ մըն է` տարբեր փորձառութիւններ, տագնապներ եւ հայեցակէտեր իրարու հետ բաժնեկցելու` հեռու վիպապաշտական մօտեցումներէ, այլ իրատեսութեան վրայ խարսխուած: «Մեր նպատակը հաստատումներ կատարել չէ, այլ` առաջին, պատմական խորքը դիտելով, սփիւռքի հայուն ինքնահասկացողութեան ու ինքնաարտայայտութեան պարզած ներկայ պատկերին քննարկումն է` իր դրական ու բացասական երեսներով, եւ երկրորդ, սոսկ նկարագրականէն անդին, ինքնութեան նոր մօտեցումներու, նոր չափանիշներու, նոր սահմաններու ու սահմանումներու որոնումն է», հաստատեց կաթողիկոսը: Անդրադառնալով սփիւռքահայութեան մէկ դարու հայ մնալու պայքարի պատմութեան` կաթողիկոսը դիտել տուաւ, որ տարբեր պատճառներով ու այլազան հանգամանքներու բերումով այսօր սփիւռքի պայքարելու տոկունութիւնը սկսած է հետզհետէ տկարանալ: Այս պարունակին մէջ ալ, ինքնութիւնը իբրեւ կազմաւորման ու զարգացման մնայուն ընթացք նկատելով, Արամ Ա. հայրապետ հաստատեց, որ ժամանակի ու պայմաններու բերումով այդ ընթացքը կրնայ փոխուիլ, սակայն միջուկը կը մնայ նոյնը, «եթէ միջուկը փոխուի, ինքնութիւնը կը փոխուի»:

Ան աւելցուց, որ հայու ինքնութիւնը կազմաւորող հնոցները եւ զայն պաշտպանող ամրոցները սկսած են կորսնցնել իրենց հմայքն ու ուժականութիւնը. «Հայու ինքնութեան կերտման ու պահպանման մէջ կենսական դեր ունեցած մեր պատմական դէպքերն ու դէմքերը սկսած են սպառել իրենց ներուժը` հետզհետէ դուրս մնալով մեր ժողովուրդի հաւաքական յիշողութենէն: Ամբողջական Հայաստանի տեսիլքը, որ դարձաւ ինքնութիւն ամրացնող հզօր գաղափարախօսութիւն, Հայաստանի Հանրապետութեան վերստեղծումով սկսած է սփիւռքի հայու կեանքին մայր էջէն հեռանալ», դիտել տուաւ ան` լուսարձակի տակ առնելով նաեւ հայաստանեան եւ խորհրդային սփիւռքները, անոնց ինքնութեան տարբեր շեշտաւորումներով ու արտայայտութիւններով օժտուած ըլլալը, ինչ որ կը ստեղծէ քաոսային վիճակ եւ ահաւոր ու տագնապալի կացութիւն: Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ սփիւռքի տարածքին ինքնաճանաչման տարբեր կերպերու ու ինքնութեան տարբեր արտայայտութիւններու, որոնք համահայկական լուրջ տագնապի դէմ յանդիման կը դնեն մեզ:

Ապա վեհափառ հայրապետը մանրամասնօրէն խօսեցաւ սփիւռքահայուն ինքնութեան դիմագրաւող վտանգներուն եւ մարտահրաւէրներուն մասին` մատնանշելով, որ հողը, լեզուն, ինքնաճանաչումը, պատկանելիութեան զգացումը, խորհրդանիշերուն եւ տիպարներուն ներկայացուցած արժէքը, քննական երկխօսութեան եւ ներդաշնակ յարակցութեան գոյութիւնը, ազգային գաղափարախօսութեան առկայութիւնն ու պահպանումը առանցքային դերակատարութիւն ունին այս առումով: Ապա ան մատնանշեց, որ այսօր ինքնութեան տարբեր ըմբռնումներ կան մեր իրականութեան մէջ եւ հարցական է, թէ ասոնք ինչպէ՞ս կարելի է համադրել եւ իւրաքանչիւրին նկատմամբ ինչպիսի՞ մօտեցում ցուցաբերել:

Իր խօսքը եզրափակելով` Արամ Ա. կաթողիկոս անհրաժեշտ նկատեց ինքնապաշտպանութեան մեր զէնքերու վերանորոգութիւնն ու արդիականացումը. «առաջին, մեր գաղութներու կեանքին կազմակերպչական ուժականութիւն ու կենսունակութիւն տալով, երկրորդ, ինքնաճանաչման ազդու մեթոտներ ու ուղիներ ճշդելով եւ ինքնութեան նոր մոտելներ ու չափանիշեր որոնելով, երրորդ` սփիւռքի հայուն ինքնահասկացողութիւնը վերստեղծելով ու ինքնագիտակցութիւնը ամրապնդելով` համահունչ տուեալ միջավայրին ու ներկայ պայմաններուն»:

«Պատմական ակնարկ» խորագիրով Ա. նիստին հանդէս եկան փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, փրոֆ. Սեդա Տատոյեան եւ Նազարէթ Պէրպէրեան:

Առաջին զեկուցաբեր փրոֆ. Մելքոնեան ներկայացուց Հայաստանի մէջ հայկական ինքնութեան կազմաւորման հոլովոյթը` սկսելով Ք.ա. Բ. դարէն, Արտաշէս Ա.-ի ժամանակաշրջանէն, ու հայ ժողովուրդի ինքնութեան զարգացումը բաժնեց չորս փուլերու` հայ ինքնութեան կայացման ժամանակաշրջան, այսինքն հայկական վաղ պետականութեան կազմաւորում, չորրորդ դարուն ընթացքին հզօր ինքնութեան պահպանման ժամանակահատուած, եկեղեցւոյ ազգային դառնալու դէպք, Անիի անկումէն ետք արտագաղթ, 16-րդ դարուն թուրք-պարսկական ապա ռուսական տիրապետութեան տակ ըլլալու հետեւանքով ինքնութեան փոփոխութիւն: Մելքոնեան խօսեցաւ Ցեղասպանութեան, ապա Հայաստանի պետականացումներուն ներքեւ փոփոխութեան ենթարկուած ինքնութիւններու մասին:

Երկրորդ զեկուցաբերը` փրոֆ. Տատոյեան լուսարձակի տակ առաւ Կիլիկիոյ մէջ ինքնութեան հարցը` զայն տեղաւորելով պատմական շրջագիծի մէջ: Ան նշեց, որ հարկ է պատմութեան նայիլ, որպէսզի կարենանք ներկան վերլուծել ու յայտնեց, որ Կիլիկիան ո՛չ Հայաստան էր, ո՛չ ալ սփիւռք, այլ մեծաւ մասամբ հայաբնակ էր մինչեւ Հայոց ցեղասպանութիւն, ըսաւ ան: Տատոյեան առաջարկեց գործնական քաղաքականութեամբ նայիլ Կիլիկիոյ պատմականին, ուր գոյութիւն ունէր հանդուրժողական ոգին, դիւանագիտական փորձառութիւն, որոնք հայկական ինքնութեան կազմաւորման մէջ դերակատար էին:

Երրորդ զեկուցաբերն էր Նազարէթ Պէրպէրեան, որ հանդէս եկաւ սփիւռքի պատմական ակնարկով: Ան ըսաւ, որ սփիւռքի հիմնական խնդիրը ինքնաճանաչման խնդիրն է, որ ներկայիս կը գտնուի նոր հորիզոններու դիմաց: Ան սահմանեց սփիւռք հասկացողութեան եւ շեշտեց, թէ սփիւռքը ինքնահասկացողութեան համար կարիք ունի նոր բառամթերքի եւ ախտաճանաչման` դիտել տալով, որ մինչեւ 1960-ականներ սփիւռքի կազմակերպման եւ նորահաս սերունդներու ազգապահպանման, հայախօսութեան եւ հայ մշակոյթի կայացման շուրջ կը դառնար հայ ազգային ինքնութիւնը: Խորհրդային Հայաստանի ժամանակ ներգաղթողները իբրեւ «ախպար» նկատելու մօտեցումը աւելի ուշ փոփոխութեան ենթարկուած է, ուրեմն իր հունը գտած է շնորհիւ սփիւռք – Հայաստան ներկայ յարաբերութեան:

«Ինքնութեան յատկանիշներ» խորագիրով Բ. նիստին հանդէս եկան Միհրան Քիւրտօղլեան (լեզու), Վարուժան արք. Հերկելեան (կրօն), Խաչիկ Տէտէեան (մշակոյթ), Սեդա Խտըշեան (ընտանիք) եւ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան (իր բացակայութեամբ) (գաղափարախօսութիւն):

Քիւրտօղլեան ընդգծեց, որ լեզուն կաղապարուած չի կրնար ըլլալ, այլ միշտ փոփոխութեան կ՛ենթարկուի, իսկ հիմնական խնդիրը հայկական լեզուամտածողութիւնն է: Ան լուսարձակի տակ առաւ հայախօսութեան եւ հայակրթութեան տարբերութիւնը` յայտնելով, որ լեզուն հաղորդակցութեան միջոց է եւ ներկայիս լեզուն ինքնութեան հիմնական տարր ըլլալու իրականութիւն մը չի ներկայացներ:

Վարուժան արք. Հերկելեան` խօսելով կրօնին մասին, կրօն եզրը փոխարինեց եկեղեցի եզրով, կառոյց մը, որ հայկական ինքնութեան դրսեւորման մէջ դերակատարութիւն ունեցած է եւ ունի: Ան կարեւոր նկատեց հայ եկեղեցւոյ ազգային եկեղեցի ըլլալու հրամայականը, որ առաւելաբար քրիստոնէութիւնը ներմուծած է հայութեան կենցաղին մէջ` իբրեւ կենսաձեւ, դպրոց, ուղեգիծ եւ նպատակակէտ: Ան խօսեցաւ եկեղեցւոյ տարած աշխատանքին եւ անոր` փոփոխութեան չենթարկուած իրավիճակին մասին փոփոխութեան ենթարկուող սփիւռքի իրականութեան դէմ յանդիման:

Տէտէեան, խօսելով մշակոյթին մասին, յայտնեց, որ անիկա հայկական ինքնութիւն մասնիկն է, նաեւ` բնորոշիչը: «Մշակոյթով ու հաւաքական ես-ով է, որ կը թրծուի ինքնութիւնը», ըսաւ ան: Տէտէեան նկատել տուաւ, որ պէտք է դուրս ելլել զգացական մօտեցումներէ եւ բազմաշերտ սփիւռքի մէջ մշակոյթը սեպել իրարու միացնող ուժ: Ան կարեւորեց ախտաճանաչում կատարելը, որմէ ետք կարելի կ՛ըլլայ գործնական քայլերու դիմել եւ վերակազմաւորել ու վերաշխուժացնել սփիւռքը:

Խտըշեան` խօսելով հայ ընտանիքին մասին, թուեց ներկայ պայմաններու հետեւանքով հայ ընտանիք հասկացողութեան փոփոխութիւնները, ինչպէս օրինակ թաղային դրութեան վերացումին պատճառով զաւակներուն` մեծ ընտանիքի փոխարէն, միջուկային ընտանիքի մէջ հասակ նետելու պարագան, որոնք յաճախ կը դիմագրաւեն գործի պատճառով մօր բացակայութիւնը: Ան խօսեցաւ ընդհանրապէս ընտանիքներուն մէջ «Մենք»-էն հեռանալու եւ «Ես»-ի գերիշխանութեան կառչելու ու անձնակեդրոն ընտանիքներու պարագան:

Տէր Ղուկասեանի զեկոյցը կարդաց տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան: Տէր Ղուկասեան` գաղափարախօսութիւնները հեղինակութեան եւ իշխանութեան հետ առնչուած նկատելով, խօսած է գաղափարախօսութիւններուն դրական ազդեցութիւններուն մասին: Ան անդրադարձած է սփիւռքի քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն` նկատել տալով, որ անոնց համար առաջնահերթ էր ազգային ազատագրական պայքարը, ինչպէս նաեւ ու մանաւանդ ընկերվարական կուսակցութիւններուն համար միջազգային կազմակերպութիւններու հոլովոյթներու մասնակցութիւնը անոնց առջեւ կը դնէր ներազգային համակարգման մարտահրաւէրը: Ան նշած է, որ հայկական իրականութեան մէջ գաղափարախօսութիւնը ինքզինք պարտադրած է խորհրդային Հայաստանի շրջանին, ներգաղթին, 1958-ի լիբանանեան պատերազմի ընթացքին, Արցախեան գոյապայքարին, հետեւաբար, հայապահպանումը գաղափարախօսութիւններու շնորհիւ սփիւռքի մէջ աւելի ամրապնդուած է:

«Ինքնութիւն եւ համաշխարհայնացում» վերնագիրով Գ. նիստին խօսք առին վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, դոկտ. Հայկ Օշական եւ Յակոբ Պալեան:

Վեր. Հայտոսթեան յայտնեց, որ համաշխարհայնացումը պատճառ դարձած է ստեղծելու հոսանք մը, որ կ՛ուզէ իւրայատուկ դառնալ, սակայն չկարենալով խուսափիլ նմանօրինակ ըլլալէ: Խօսելով սահմաններուն մասին, ան անդրադարձ կատարեց համաշխարհայնացման պատճառով սահմաններու փոփոխութեան, սահման հասկացողութեան նոր ըմբռնումներու ծագումին ու յարացոյցներու փոփոխութեան եւ ուժական ինքնութիւններու երեւան գալուն: Հայտոսթեան անդրադարձաւ աւանդական ընկերութեան` յայտնելով, որ ան կը ջանայ պաշտպանուիլ, քան նոր շունչ տալ:

Դոկտ. Օշական անդրադարձաւ հայ սփիւռքի շերտերուն տարբեր ըլլալուն, այսինքն, թէեւ նոյն ժողովուրդը կը ներկայացնեն անոնք, սակայն տարբեր են: Ան դիտել տուաւ, որ Դէպի Երկիր վերադարձը տեղի պիտի չունենայ եւ անոր փոխարէն առաջարկեց «Դէպի ազգ» գաղափարախօսութիւնը, որ ազգային գիտակցութիւն կը պահանջէ:

Պալեան խօսեցաւ հայու ինքնութեան եւ համաշխարհայնացման դիմաց սփիւռքի հիմնաւորման մասին: Ան յայտնեց, որ սփիւռքներու մէջ ալ գոյութիւն ունին ներքին սփիւռքներ, օրինակ Ամերիկայի սփիւռքի մէջ գոյութիւն ունին յունահայ, պարսկահայ սփիւռքներ, որոնց կազմաւորելու խնդիրը միայն ցանկութեան սահմաններու մէջ մնալու չէ: Ան յայտնեց, որ սփիւռքեան իրականութիւնը հասկնալու եւ ծրագիր մշակելու համար անհրաժեշտ է գործող սեղմ շրջանակներէ դուրս գալ:

Հաւաքին ընթացքին իւրաքանչիւր նիստէն ետք տեղի ունեցան քննարկումներ, ուր արձանագրուեցան ընդհանուր մտահոգութիւններ նամանաւանդ սփիւռքի թուային պատկերին չգոյութիւնը, հայութեան մէկ թէ բազմամշակոյթ ըլլալու խնդիրը, սփիւռքի վերանալու պարագան:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.