2017-07-12 11:28:00

Բացուեցաւ Մեսրոպեանի ամառնային ծրագիրը՝ Ովասիս 2017-ը


5 Յուլիս 2017-ի առաւօտուն խանդավառ մթնոլորտի մէջ կայացաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի “Ովասիս” ամառնային ծրագրի բացումը, ներկայութեամբ մասնակիցներուն եւ անոնց ծնողներուն:

Բացման առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ, Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ վստահութիւն յայտնեց, որ ինչպէս անցած 18 տարիներուն, այս տարի եւս “Ովասիս”ը լիուլի պիտի  գոհացնէ ամառնային ուրախ եւ օգտակար ժամանց վայելելու մասնակիցներուն ակնկալութիւնը:  

Ծրագրի համադրող տիկին Գարոլին Թերզեան իր հերթին ըսաւ, որ Ովասիսը տարուէ տարի կը բարելաւէ իր յայտագիրները՝ ի գործ դնելով ամէն միջոց, որպէսզի ովասիսականները վայելեն ամառնային զուարթութիւնը եւ թարմացած ուժերով դիմաւորեն կրթական նոր տարեշրջանները:

Ծանօթ է, որ “Ովասիս”ը դաստիարակչական ժամանցի ծրագիր է, ուղղուած մանուկներու եւ պատանիներու: Անիկա 19-րդ տարին ըլլալով կ՛ապահովէ ամառնային արձակուրդի հաճելի եւ օգտակար միջավայր՝ Լիբանանի տարբեր շրջաններէն եւ արտասահմանէն ժամանած հայ մանուկներու եւ պատանիներու համար: Ցարդ “Ովասիս”ին մասնակցած է մօտ 3600 հոգի: Այս տարի մասնակիցներուն ընդհանուր թիւն է 220: Ովասիսականները  ըստ տարիքի բաժնուած են երկու խումբերու՝ “Փոքր Մասիս” եւ “Մեծ Մասիս”, որպէս խորհրդանիշ հայ ազգի յաւերժութեան:

“Ովասիս 2017”-ը պիտի տեւէ մինչեւ  25 Օգոստոս եւ եզրափակուի աւանդական հանդէսով: Ովասիսական օրը կը սկսի առաւօտեան ժամը 8:30-ին եւ կ՛աւարտի  կէսօրուան ժամը 2:00-ին: Այս տարուայ ծրագրին մէջ ներառնուած են ձեռային աշխատանքներ, նկարչութիւն, կաւագործութիւն, համակարգիչ, ֆիլմի ցուցադրութիւն, ֆութպոլ, պասքէթպոլ, երգ, մարտարուեստ, հեծանիւ, աճպարարութիւն, խոհանոց, խամաճիկ, դաստիարակչական խաղեր, կրօնագիտութիւն, պտոյտներ եւ մարզական օր:

Տեղեկատուական գրասենեակ

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանի








All the contents on this site are copyrighted ©.