2017-07-11 13:30:00

Սուրբ Պենետիկտոսի տօնին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 11 յուլիսին տօնն է Սուրբ Պենետիկտոսին` Եւրոպայի Պաշտպան սուրբը։ Ան ծնած էր 480ական թուականներուն Նուրսիա շրջանին մէջ եւ իր ուսումը աւարտած է Հռոմի մէջ ուր եւ ծնունդ առաւ անոր կոչումը հետեւելու Տիրոջ։ Ան կը քաշուի աբբայարան ու կ՛ապրի Սուպիաքօ քաղաքի մօտ գտնուող մէկ վանական հասարակութեան հետ։ Այնտեղ է որ Պենետիկտոսի կոչումը կ՛աճի ու կը հասուննայ ու կը սկսի հիմնել Պենետիկտեան առաջին վանքերը։

529 թուականին Պենետիկտոս կը փոխադրուի Մոնթեքասսինօ ուր կը հիմնէ այլ վանք մը իր կեանքը ապրելով աղօթքի ու խոկումի մէջ։ Ան արդարեւ ըսած է ''Աղօթքը ունկնդրութեան առաջին արարքն է որ պէտք է դառնայ շօշափելի։ Տէրը ամէն օր կը սպասէ որ մենք գործնականապէս համապատասխանենք անոր ուսուցումներուն, որպէսզի համայն մեր կեանքը դառնայ Աստուծոյ փառաբանութիւն''։

Պօղոս Զ Քահանայապետն է որ Սուրբ Պենետիկտոսը հռչակեց Եւրոպայի Պահապան, 24 հոկտեմբեր 1964-ին տրուած ըլլալով որ Եւրոպան Անոր կը պարտի վանականութեան ծաւալումը։

Ս. Պենետիկտոսի տօնին առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ նշեց. ''Եւրոպան ունի իտէալական ու հոգեւոր վսեմ ժառանգութիւն մը որ եզակի է աշխարհի մէջ եւ որ կ՛արժէ դարձեալ առաջարկել գորովով եւ վերանորոգուած թարմութեամբ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.