2017-07-10 11:00:00

Քոլոմպիայի Եպիսկոպոսները խաղաղութեան համար կը հայցեն նոր մարտիրոսներու բարեխօսութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Անցեալ 3-7 Յուլիս 2017-ին Քոլոմպիայի եպիսկոպոսները գումարեցին իրենց տարեկան հաւաքը որուն աւարտին իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին ի լուր Քոլոմպիացի երկու մարտիրոսներու երանելի հռչակումին համար` Եզուս Էմիլիօ Եարամիլլօ Մոնսալվէ եպիսկոպոսը եւ Հայր Փետրօ Մարիա Ռամիրեզ Ռամոսը։

''Մեր աղօթքն ու փառաբանութիւնը կը բարձրացնենք առ Աստուած որ երկրի այս դժուար պահերու ընթացքին Քոլոմպիայի եկեղեցիին շնորհեց այս սրբութեան պտուղները'' գրած են Եպիսկոպոսները այս առթիւ հրապարակած հաղորդագրութեան մը մէջ անդրադառնալով երկու մարտիրոսներու հերոսական առաքինութիւններուն ու անոնց վեհանձն Սիրոյն Աստուծոյ ու իրենց եղբայրներուն նկատմամբ ու մատնանշելով թէ անոնք մինչեւ իսկ իրենց կեանքը զոհեցին ու դարձան օրինակ ու տիպար Քրիստոսի հետեւողներուն­, նոյնիսկ ամէնէ դժուարին պահերուն, ու յատկապէս երբ հարկաւոր է յաղթել չարին, ատելութեան ու բռնութեան, բարիի զօրութեամբ''։.

Քոլոմպիացի Եպիսկոպոսները ապա կոչ ուղղեցին աղօթքներ բարձրացնելու Տիրոջ որպէսզի նոր Երանելիներու բարեխօսութեամբ Քոլոմպիան ձեռք բեռէ հաշտութիւնն ու խաղաղութիւնը ինչպէս նաեւ բոլոր կաթողիկէները` քահանաներ, կրօնաւորներ ու աշխարհականներ, ապրելով իրենց քրիստոնէական կոչումը, երկրին մէջ սերմանեն Աւետարանի արժէքները։

Վերոնշեալ հաւաքի ընթացքին Եպիսկոպոսները քննարկեցին նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յառաջիկայ 6-11 սեպտեմբեր Քոլոմպիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան նախապատրաստական աշխատանքներու մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ ընտրեցին եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նոր նախագահական կազմը որպէս Համահաւաք դասի նախագահ ընտրելով գերապայծառ Օսքար Ուրպինա Օրթեկան։








All the contents on this site are copyrighted ©.