2017-07-10 09:45:00

Սուրիոյ հարաւ-արեւմուտքին մէջ զինադադարի համաձայնութիւնը մտաւ ուժի մէջ


Սուրիոյ հարաւ-արեւմուտքին մէջ զինադադարի հաստատման համաձայնութիւնը երէկ մտաւ ուժի մէջ: Անիկա կը կիրարկուի Սուրիոյ կառավարական ուժերուն եւ զինեալ ընդդիմութեան գծած սահմաններուն մէջ:

Զինադուլը յայտարարուած էր ուրբաթ օր` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ առաջին հանդիպումէն ետք: Զինադադարը կը վայելէ նաեւ Յորդանանի զօրակցութիւնը:

«Սքայ Նիուզ» երէկ հաղորդեց, որ զինադադարի ուժի մէջ մտնելէն ետք, շրջանին մէջ օդային հարուածներ հասցուած են, սակայն Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը նշեց, որ կիրակի առաւօտեան զինադադարին ուժի մէջ մտնելէն ետք Սուրիոյ հարաւ արեւմտեան շրջանին մէջ ո՛չ բախումներ տեղի ունեցած են, ո՛չ ալ օդային հարուածներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.