2017-07-10 12:32:00

Ծովի Կիրակի. Մարիամի պաշտպանութեան կը յանձնեմ ծովայինները'' գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 9 Յուլիսին, Ծովու օրն է։ Օրուան առթիւ քրիստոնեաներու միջազգային հասարակութիւնը հրաւիրուած է աղօթելու ու մօտիկութիւն  յայտնելու ծովայիններուն ու ձկնորսներուն։ Այս օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ գրեց ''Ծովայինները, ձկնորսներն ու բոլոր անոնք որոնք կը գտնուին դժուարութեան մէջ ու տուներէ հեռու, կը յանձնեմ Մարիամին` Ծովու Աստղին­ Մայրական հոգատարութեան''։

Օրուան առթիւ Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի Ժողովի կառավարիչը` Կարդինալ Փիթէր Թուրքսոն եւս հրապարակեց պատգամ մը որուն մէջ կոչ ուղղեց երաշխաւորելու ծովայիններուն ու անոնց ընտանիքներուն աշխատանքն ու ապահովութիւնը, յատկապէս որդեգրելով  անվտանգութեան ձեռնարկներ ահաբեկութեան ու ծովահինութեան դէմ։

Իր պատգամին էջ Կարդինալ Թուրքսոն  ակնարկեց Եկեղեցւոյ կողմէ հաստատուած յատուկ օրուան, որուն ընթացքին քրիստոնեաները կանչուած են աղօթելու ծովայիններուն համար որովհետեւ ''անոնց քրտնաջան աշխատանքին շնորհիւ է որ ապրանքներու 90 առ հարիւրը կը փոխադրուի ովկիանոսներուն մէջ'' գրեց Ան մատնանշելով թէ  ''այդ աշխատանքը մեր կեանքը աւելի հարմարաւէտ կը դարձնէ''։  Ծիրանաւորը ապա հրաւէր ուղղեց աւելի ''մարդկային'' պայմաններ ստեղծելու ծովայիններու աշխատանքին համար­ ու յաղթահարելու նաեւ անոնց հոգեկան տանջանքները, ինչպէս նաեւ աւելի ուշադրութիւն վերապահել անոնց ընտանիքներուն։

Կարդինալ Թուրքոսն ապա ''անվտանգութեան պայմաններ''  խնդրեց ի պաշտպանութիւն  ծովայիններուն, ահաբեկչութեան սպառնալիքէն,  ինչպէս նաեւ''մարդկային իրաւունք'' ու համապատասխան թոշակ անոնց համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.