2017-07-08 11:15:00

Օրհնեալ ջուրի զօրութիւնը սատանային դէմ


«Ռատիօ Վատիկան» Սրբուհի Թերեզա Աւիլացի, կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մեծագոյն սուրբերէն մին է։ Ան ապրած է 16րդ դարուն, եղած է կրօնաւորուհի, հիմնադիր վանքերու եւ հայեցողական կեանքի կարկառուն դէմքերէն. հռչակուած է տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ։

Սրբուհի Թերեզա կը գրէ, թէ՝ «Երկար փորձառութիւններով սորվեցայ, թէ սատանան փախուստի մատնելու համար օրհնեալ ջուրի նման ազդու բան չկայ։ Օրհնեալ ջուրը կը վանէ սատանան անդարձ կերպով։»

Սրբուհին իր ինքնակենսագրութեան 31րդ գլխուն մէջ կը պատմէ, թէ ինչպէս դեւը կը տանջէր զինք։ «Դեւին մարմնէն, կը գրէ սրբուհին, կարծես մեծ բոց մը կ'ելլէր, որ յոյժ պայծառ էր եւ շուք չէր ձգեր։ Ան ահազդու կերպով մը ինծի ըսաւ, թէ պրծած էի իր ձեռքերէն, սակայն տակաւին զիս ձեռք պիտի ձգէր։» Սրբուհին կը փորձէ քշել սատանան Ս. Խաչի նշանով։ Սատանան կը հեռանայ, սակայն կը վերադառնայ շուտով։ Այս կը կրկնուի քանի մը անգամ։ Սրբուհին նկատելով օրհնեալ ջուրը, որ իր մօտ էր, կը սրսկէ զայն սատանային կողմը, «ապա դեւը երբեք չվերադարձաւ» կը գրէ ան։

Ինքնակենսագրութեան մէջ այլ տեղ մը կը կարդանք՝ «Սատանան հինգ ժամ շարունակ չարչարեց զիս սոսկալի ցաւերով եւ ներքին ու արտաքին անհանգստութեամբ. չեմ կարծեր թէ պիտի կարենայի աւելի երկար տոկալ։ Քոյրերը, որոնք իմ հետս էին, սարսափած էին մահու երկիւղով, եւ չէին գիտեր թէ ինչպէս օգնեն ինծի։» Ապա Ս. Թերեզա դեւին ուղղութեամբ սրսկելով օրհնեալ ջուրը փախուստի կը մատնէ զայն։

«Իսկ ես, կը գրէ Ս. Թերեզա, երբ օրհնեալ ջուր կ'առնեմ, իմ հոգիս յատուկ եւ շատ յստակ մխիթարանք կ'ընդունի։ Կը գիտակցիմ, թէ թարմացում մը կը կատարուի իմ մէջս, որ կարելի չէ նկարագրել։ Օրհնեալ ջուրը ինծի կը շնորհէ ներքին ուրախութիւնը մը, որ կը հանգստացնէ ամբողջ հոգիս։»








All the contents on this site are copyrighted ©.