2017-07-08 10:27:00

Նավառօ Վալսի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։


«Ռատիօ Վատիկան» Ուրբաթ,7 յուլիս 2017-ին, առաւօտեան, Հռոմի «Սան Էուճենիոյ» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին   բանբեր՝ Տիար Նավառօ Վալսի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը,  ի ներկայութեան  հանգուցեալին անթիւ բարեկամներուն, հարազատներուն ինչպէս նաեւ եկեղեցական բարձր աստիճան անձնաւորութիւններուն, որոնց շարքին Վատիկանի պետական քարտուղարութեան տեղակալ՝ գերապայծառ Անճելօ Պեչիուն, եւ Սուրբ Աթոռի հաղորդամիջոցներու քարտուղարութեան կառավարիչ՝ Գերապայծառ Տարիօ Վիկանոն։

Յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի Նավառօ Վալսին յաջորդող  ընդհանուր երկու տնօրէնները՝ Հայր Ֆետերիքօ Լոպմարտին եւ  Տիար Կրէկ Պուրքը։  

«Օփուս Տէյ» միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր՝ գերապայծառ Մարիանօ Ֆացիօ, որ եղած էր հանգուցեալին սերտ բարեկամը,  այս առթիւ արտասանած  դամբանականին մէջ անդրադառնալով հանգուցեալին,  յայտնեց, թէ Նավառօ Վալս օժտուած էր մարդկային երեք յատկանիշներով.  պարկեշտութեամբ, արհեստավարժութեամբ եւ  իր անձին ամբողջական նուիրումով։  Գերապայծառ Մարիանօ Ֆացիօ, յարեց   թէ Ւնք շնորհքը ունեցած էր  Նավառօ Վալսի հետ միեւնոյն բնակարանին  մէջ ապրելու եւ հետեւաբար   ականատես եղած է հանգուցեալին անձնական կեանքի ապրումներուն։  Նավառօ Վալս սիրով լեցուն եւ գուրգուրանքի մարդ եղած էր եւ յաճախ կը մտածէր իր եղբայրներուն մասին, ան  ունէր խորունկ հոգեւոր կեանք մը, որմէ կը քաղէր իր անձնաւորութեան ուժը. ըսաւ Գերապայածառ Ֆացիօ աւելցելով թէ Նավառօ Վալսը օժտուած  էր նաեւ մարդկային բազմաթիւ ձիրքերով՝ որոնք տէրը շնորհած էր անոր, եւ գիտցած է  զանոնք լաւապէս շահագործել  հիմնուելով աղօթքի վրայ։

«Նավառօ Վալս  խորապէս սիրահարուած էր Տիրոջմով»։ Հաստատեց  հանգուցեալին մօտիկ եւ սերտ բարեկամ  Գերապայծառ Ֆացիոն։








All the contents on this site are copyrighted ©.