2017-07-08 12:16:00

Կարդինալ Սքոլա կը ներկայացնէ նոր անուանեալ Միլանօ թեմի եպիսկոպոսը


«Ռատիօ Վատիկան» Ուրբաթ, 7 Յուլիսի կէսօրին, Միլանոյի արքեպիսկոպոսական մատրան մէջ Կարդինալ Անճելօ Սքոլա յայտարարած է, թէ Գերապայծառ Մարիօ Տելփինի, որ Միլանոյի թեմի փոխանորդն է, Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ անուանուած է իբր Միլանոյի նոր Արքեպիսկոպոս։ Յայտարարութիւնը ողջունուած է բուռն ծափահարութիւններով։ Գերապայծառ Տելփինի ամբրոսիական 144րդ արքեպիսկոպոսն է. անոր կարգախօսն է՝ «Լի է երկիրը Անոր փառքով»։ Թեմը կը կոչուի ամբրոսիական, նկատի առնելով թեմի պաշտպան սուրբը՝ Սուրբ Ամբրոսիոսը, որ թեմին եպիսկոպոս եղած է 374-397 տարիներուն։

Կարդինալ Սքոլա դրական կերպով եւ դրուատիքով խօսած է նոր անուանեալ արքեպիսկոպոսի հետ ունեցած համագործակցութեան մասին։

Գերապայծառ Տելփինի իր կարգին երախտագիտութիւն յայտնած է Սրբազան Պապի իրեն հանդէպ ցուցաբերած վստահութեան համար։ Ան նկատած է, թէ կարիքն ունի շատ աղօթքի եւ ամբրոսիական ժողովուրդի սրբութեան գործունեայ վկայութեան։ Թեմի կառավարման համար ան խնդրած է Միլանոյի եպիսկոպոսական խորհուրդի օգնութիւնը։

Խօսքի աւարտին ան աւելցուցած է՝ «Հետեւաբար թեմի մէջ բնակող բոլոր այր մարդիկը եւ կիները, աշխարհի ո´ր կողմէն ալ եկած ըլլան կամ ի´նչ լեզու ալ խօսին, պէտք է օգնեն ամբրոսիական Եկեղեցւոյ, որպէսզի ան ըլլայ ստեղծագործող եւ հիւրընկալ, աւելի աղքատ եւ պարզ՝ որպէսզի ըլլայ աւելի ազատ եւ երջանիկ։»

Ապա Գերապայծառ Տելփինի պատասխանած է լրագրողներու հարցումներուն։ Ան յայտնած է, թէ առաջին բանը, որ կը խնդրէ Սուրբ Հոգիէն՝ «ուրախութեան պարգեւն է։» Ապա նկատած է, թէ «վստահելով որ Աստուած գոյութիւն ունի եւ մեզ կը սիրէ՝ կրնանք կերտել երկխօսութիւնը ուրիշներուն հետ, նաեւ Միլանոյի պէս քաղաքի մը մէջ որ շատ աշխարհայնացած է։»

Կարդինալ Անճելօ Սքոլա, մինչեւ տարւոյս Սեպտեմբերի 9ը կը մնայ իբր Առաքելական Կառավարիչ Միլանոյի, ապա 9 Սեպտեմբերին Գերապայծառ Տելփինի կը ստանձնէ թեմը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.