2017-07-07 11:38:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պատարագ մատուցեց Վատիկանի ճարտարարուեստական կեդրոնի աշխատաւորներուն համար


«Ռատիօ Վատիկան»Ուրբաթ, 7 յուլիս 2017-ին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ Սուրբ պատարագ մատուցեց, վատիկանի ճարտարարուեստական  կեդրոնի աշխարաւորներու ներկայութեամբ, որուն ընթացքին խնդրեց ներկաներէն, որ աղօթեն, վերջերս մահացած Վատիկանի պաշտօնեայի մը՝ Սանտրոյին հօր հոգւոյն համար։ Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան հայրը խօսքը կեդրոնացուց օրուան աւետարանական ընթերցումին վրայ ուր կը խօսուի Մատթէոս առաքեալին մասին։ Սրբազան Հայրը ըսաւ.

«Յիսուս Մատթէոս անունով մարդ մը տեսաւ, որ նստած էր հարկերու սեղանին վրայ։ Ան  մաքսաւոր մրն էր՝ նկատուած  ամենէն քէշ մարդոցմէ մին, որովհետեւ հարկեր վճարել կու տար  եւ զանոնք հռոմէացիներուն կը փոխանցէր, քիչ մըն ալ իր  գրպանները լեցնելով. այսպիսի մարդիկ ատուած էին, որովհետեւ ազգին դաւաճանները նկատուած էին։

Յիսուս Մատթէոս առաքեալին կանչեց ըսելով՝ հետեւէ ինծի։ Յիսուս ամենէն քէշ նկատուած մարդոցմէ մէկը ընտրեց։

Փարիսեցիները, որ ինքզինքին արդար կը նկատէին եւ ամէն մարդ կը քննադատէին, այս մէկը տեսնելով ըսին. Ւնչպէ՞ս կարելի է, որ վարդապետը այսպիսի  մէկու մը կ՝ընկերանայ։

Յիսուս պատասխանեց անոնց ըսելով ,ես եկած եմ ոչ թէ արդարներ կանչելու այլ՝ մեղաւորներ»։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ ապա շեշտեց ըսելով «Այս մէկը զիս շատ կը մխիթարէ, որովհետեւ  ինծի մտածել կու տայ, որ  Յիսուս ինծի համար եկաւ։ Մխիթարուած կը զգամ, որովհետեւ ամէնքս մեղաւորներ ենք եւ իւրաքանչիւրը մեզմէ քաջ գիտէ իր ամենէն մեծ մեղքը՝ իր տկարութիւնները։ Նախ եւ առաջ պէտք է, որ այս մէկը ճանչնանք ,որ բոլորս մեղաւորներ ենք։

Յիսուս դատապարտեց փարիսեցիները, որովհետեւ  անոնք  ամբարտաւան էին եւ ինքզինքին ուրիշներէն գերադաս կը նկատէին։ Սակայն՝ ամէնքս մեղաւորներ ենք։  Մեղաւոր տիտղոսը մեր տիտղոսն է , որ մեզի կարելիութիւն կու տայ ՝Յիսուս մեր կողմ քաշելու։ Յիսուս իմ մօտս կու գայ որովհետեւ ես մեղաւոր  եմ»։ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ընդգծեց «այս է մեր սփոփանքն ու յոյսը, որ Յիսուս միշտ մեզի կը ներէ, մեր  հոգին կը բուժէ։ Ան եկաւ մեզի ուժ եւ երջանկութիւն տալու ինչպէս նաեւ մեր  խիղճը հանգստացնելու»։ Նորին Սրբութիւնը  քարոզը եզրափակեց ըսելով. «այսօր՝ ամսուան առաջին ուրբաթ օրը, մտածենք Յիսուսի Սուրբ Սիրտին մասին։Ան մեզի թող հասկնալ տայ, այն գեղեցիկ իրողութիւնը զոր Յիսուս ողորմած սիրտով ըսաւ մեզի. Տուր ինծի տկարութիւններդ, տուր ինծի բոլոր մեղքերդ եւ ես զանոնք բոլորը պիտի ներեմ։ Յիսուս ամէն բան կը ներէ  եւ միշտ կը ներէ։  Թող այս ըլլայ մեր ուրախութիւնը»։








All the contents on this site are copyrighted ©.