2017-07-07 08:33:00

Գերմանիոյ մէջ եկեղեցիներու միասնական պատգամը ի տես «մեծ քսանեակ»-ի վեհաժողովին


(Ռատիօ Վատիկան) Գերմանիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ՝ կարդինալ Ռենհարտ Մարքը եւ Աւետարանական եկեղեցւոյ խորհուրդի նախագահ՝ Եպիսկոպոս Հենրիիխ Պետֆորտ Սթրոմ, յանուն Գերմանիոյ  քրիստոնեայ երկու դաւանանքներուն, միասնական պատգամ մը  հրապարակած են «մեծ քսանեակ»-ի վեհաժողովին նախօրեակին, որ տեղի  կ՝ունենայ Համպուրկի մէջ 7-էն 8 յուլիս 2017-ին։ 

Պատգամին մէջ  երկու կրօնապետերը հրաւէր ուղղած  են վեհաժողովի մասնակիցներուն կարեւոր որոշումներ  կայացնելու, պայքարելու համար աղքատութեան, անարդարութեան, ահաբեկչութեան, պատերազմներուն  ինչպէս նաեւ  կենսոլորտի ապականման դէմ ։

«Մեծ քսանեակ»-ի երկիրները պէտք  են իրենց ուժերը կեդրոնացնել հասարակաց կեանքի ծառայութեան վրայ,  պէտք են նաեւ պարկեշտութեամբ գործել,  տիեզերքի գոյատեւման համար  ինչպէս նաեւ աղքատներուն շնորհել՝ արժանվայել կեանք ապրելու կարելիութիւնները ՝՝գրուած է  հրապարակուած միասնական պատգամին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.