2017-07-06 09:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը ՝՝Սքոլաս՝՝ հիմնարկի համագումարին մասնակիցներուն


(Ռատիօ Վատիկան)  2-էն -5 յուլիս՝ 2017-ին, Երուսաղեմի հրէական համալսարանի մէջ, քահանայապետական ՝՝Սքոլաս  Օքուրենթես՝՝  հիմնարկը  գումարեց վեհաժողով մը, որուն նիւթը եղաւ ՝՝համալսարանի  եւ դպրոցի միջեւ. կառուցելով խաղաղութիւն, հանդիպումի մշակոյթի միջոցաւ՝՝։ Չորեքշաբթի 5 յուլիսին , համագումարին եզրափակիչ նիստի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ պատկերասփռուած պատգամ մը յղեց համագումարի մասնակիցներուն ։

Պատկերասփռուած պատգամին սկիզբը Սրբազան Հայրը ըսաւ.

՝՝Այս պահուս՝ Ւսրայելի, Պաղեստինի, աշխարհի տարբեր երկիրներու, ազգերու եւ դաւանանքի պատկան  երիտասարդներ ու չափահասներ, երուսաղեմի մէջ  հաւաքուած  ենք, ուր՝ միեւնոյն օդը կը շնչենք եւ  միեւնոյն գետնի վրայ կոխած ենք. հակառակ մեր տարբերութիւններուն,  երուսաղեմի մէջ մէկ միութիւն կը կազմենք ՝՝,  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ՝՝ Սքոլաս ՝՝հիմնարկի երիտասարդներու երուսաղեմի մէջ հանդիպումը համարելով, որպէս դպրոց  մը, ուր երիտասարդները  սորվեցան  ունկնդրելու պարտականութիւնը, որուն միջոցաւ անոնք ի վիճակի կ՝ըլլան ստեղծելու յոյսի միջավայր մը,  որպէսզի երազները  կարենան  աճիլ  ու ապա կիսուին։  Նորին Սրբութիւնը ապա ընդգծելով թէ երազ մը՝ երբ կիսուած է, նոր ապրելակերպ մը ստեղծելու կարելիութիւնը կու տայ, Սքոլասի մաս կազմող անդամներէն խնդրեց որ սոյն դաստիարկութեամբ ստեղծեն հանդիպումի մշակոյթ մը։   

Սրբազան Հայրը ապա շեշտեց, թէ անձերու միջեւ միութիւնը, որ գիտէ արժեւորել մշակոյթներու զանազանութիւնը, չի տանիր դէպի միակերպութիւն այլ դէպի համերաշխութիւն, որուն  յոյժ կարիք կը զգայ  մեր ժամանակակից ՝՝ադոմականացած՝՝աշխարհը.  աշխարհ մը որ վախ կը զգայ տարբերէն, որ  ստէպ մեկնելով սոյն վախէն կը սկսի պատնէշներ կառուցել, որոնք վերջ կը գտնեն՝ ահ ու  սարսափի վերածուելով իրականութիւնը.  այսինքն  ՝՝ապրիլ որպէս թշնամիներ՝՝ ըսաւ Ֆրանչիկսոս Պապ շեշտելով, որ աշխարհը  պէտք ունի  ինքնիրմէ դուրս ելլելու՝  հանդիպում կատարելու համար՝՝ ։

 Սրբազան Հայրը  եզրափակեց իր իր խօսքը  շնորհակալութիւն յայտնելով Հրէական եւ աշխարհի զանազան համալսարաններէն ժամանած երիտասարդներուն, խնդրելով  անոնցմէ որ չփակուին  իրենց անձերուն մէջ եւ  իր իրենց  ծանօթութիւնները դնեն ուրիշին անսալու ծառայութեան տակ՝ իրականացնելու համար հանդիպումի մշակոյթ մը։  

 








All the contents on this site are copyrighted ©.