2017-07-06 13:12:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ՝՝շարունակեցէք կառուցել եղբայրներու աշխարհ մը՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ պատգամ մը յղած է Պուէնոս Այրէսի մէջ՝՝Cristo de los villero՝ նոր Ռատիոկայանի մը բացման առիթով, որուն պարունակութիւնը սփռուեցաւ Ռատիօ կայանի սփռած  առաջին հաղորդումին մէջ։ Ռատիոկայանի հիմնադիրներէն մին է  Նորին Սրբութեան, Արժանթին եղած ժամանակ սերտ գործակից եւ մտերիմ բարեկամ՝ հայր  Խոսէ Մարի Տի Փաուլան։  

Պատգամին մէջ Ֆրանիչսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց Ռատիօ կայանի հիմնադիրներուն ըսելով.

՝՝Շնորհակալ եմ ձեր կատարած գործերուն համար, որովհետեւ ձեր ժամանակը կը տրամադրէք բարի բաներ իրագործելու եւ հաղորդելու   ինչպէս նաեւ կամուրջներ կառուցելու եւ ոչ թէ պատնէշներ։

Շնորհակալ եմ ձեզի  որովհետեւ դուք ձեզի  չէք կործաներ շատախօսելով  մէկը միւսին դէմ այլ՝   նեցուկ  կը կանգնիք մէկը միւսին ձեռք տալով։  

Պատգամի աւատին ֆրանչիսկոս Պապ ջերմ սրտով եւ գորովով ողջունեց իր ազգակից ռատիոկայանի ունկնդիրները, տալով անոնց իր առաքելական  օրհնութիւնը ապա քաջալերանքի  խօսքը ուղղեց հայր Փաուլոյին եւ  բոլոր գործակիցներուն

Ըսելով ՝՝յառաջ գացէք այսպէս գործելով, որովհետեւ այսպէս  է  որ կը կառուցի եղբայրներու երկիր մը, այսպէս է որ կը կառուցուի եղբայրներու աշխարհը մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.