2017-07-05 08:42:00

Թուրքիոյ մէջ Հայկական եկեղեցւոյ բակը «արձաններու պուրակ» բացուած է


Թուրքիոյ Էսքիշեհիր քաղաքի Սիւրիհիսար շրջանին մէջ գտնուող հայկական Սբ. Երրրորդութիւն եկեղեցւոյ տարածքին մէջ շուրջ հինգ տասնեակ թուրք գործիչներու արձաններէ բաղկացած «Արձաններու պուրակ» բացուած է:

Ըստ «Էրմէնիհապեր»-ի՝ թրքական «Haberturk» թերթը կը տեղեկացնէ, որ արձանախումբի բացման մասնակցած է Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Նապի Աւճըն:

Տեղեկացնենք, որ եկեղեցւոյ տարածքին մէջ տեղադրուած են այնպիսի հայատեաց պատմական դէմքերու արձանները, ինչպիսիք են Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքը ու Քեազիմ Քարապեքիրը: Կան նաեւ մշակութային գործիչներու արձաններ` բանաստեղծ Եաշար Քեմալ, նկարիչ Ապիտին Տինօ եւ այլք: Նախագիծը իրականացուցած է թուրք քանդակագործ Մեթին Եուրտանուրը:

Նշեալ հայկական եկեղեցին կառուցուած է 1650-ին: Հրդեհէ մեծապէս վնասուած է 1876-ին: Վերակառուցուած է 1881-ին: Եկեղեցւոյ վերականգնումը սկսած է 2010-ին, երբ Սիւրիհիսարի սեփականութիւնը համարուող եկեղեցին  յանձնուած է Մշակոյթի նախարարութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.