2017-07-04 15:13:00

Ֆրանչիսկոս Պապի յուլիս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան պատկերասփռուած պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի,4 յուլիս 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամ մը յղեց հայող յուլիս ամսուայ առաքելական աղօթքի դիտաւորութեան։ Պատգամին մէջ Սրբազան Հայր ըսաւ. 

՝՝Երբեք չմոռնանք, որ մեր ուրախութիւնը կը կայանայ Քրիստոսի մէջ, որ իր սէրը հաւատարիմ եւ անսահման է, որովհետեւ երբ քրիստոնեայ մը տխուր է  կը նշանակէ թէ  ան Յիսուսէն հեռացած է ։

Այս պահերուն պէտք չէ զինք մինակ ձգել։ Պէտքէ է անոր  քրիստոնէական յոյս նուիրել, խօսքով՝ այո, սակայն առ աւելի մեր վկայութեամբ, մեր ազատութեամբ եւ ուրախութեամբ։

Աղօթենք  մեր եղբայրներուն  համար, որոնք հեռացան  հաւատքէն, որպէսզի մեր աղօթքներու եւ աւետարանի վկայութեան միջոցաւ կարենան վերագտնել  ողորմած Տիրոջ մօտիկութիւնը  եւ քրիստոնէական կեանքի գեղեցկութիւնը՝՝








All the contents on this site are copyrighted ©.