2017-07-04 08:12:00

Ֆրանչիսկոս Պապ 50 հազար եւրօ նուիրեց Լեզւոս կղզիին մէջ երկրաշարժի պատճառած զոհերուն


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Պապ 50 հազար եւրօ նիւթական օժանդակութիւն տրամադրեց, անցեալ 12 յունիս 2017-ին,  Լեզւոս  կղզիին  մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժի պատճառած զոհերուն։  Այս մասին յայտնած է Յունաստանի մէջ Առաքելական նուիրակութիւնը։

՝՝Ֆրանչիսկոս Պապի չսպասուած նուիրատուութիւնը,  սիրոյ եւ շօշափելի մօտիկութեան նշան է,  ուժգին երկրաշարժէն տուժած ժողովուրդին նկատմամբ ՝՝ յայտնած է Յունաստանի մէջ Պապական  նուիրակութեան մէջ գործադիր պատասխանատու՝ գերապայծառ  Մասսիմօ Քաթթերին,  աւեցնելով թէ  ֆրանչիսկոս Պապի նուիրատուութիւնը տեղի ունեցաւ , այն ժամանակ երբ  Քիոս  թեմի առաքելական կառավարիչ՝ գերապայծառ Նիքոլաս Փրիթեսին,  Յունաստանի մէջ Պապական նուիրակէն խնդրեց,   որ Ֆրանչիսկոս Պապի տեղեակ պահէ  Լեզւոս  կղզիին մէջ պատահած ողբերգական  դէպքին մասին։

  “ Ֆրանչիսկոս Պապի ժեսթը ունի  նաեւ համամիութենական արժէք

Յունաստանի մէջ Պապական նուիրակ գերապայծառ Քաթթերին,  ապա յայտնած է  թէ Ֆրանչիսկոս Պապի նուիրատուութեան ժեսթը  ունի նաեւ համամիութենական արժէք, որովհետեւ նուիրատուութեան մեծ մասը պիտի յատկացուի կղզիին մէջ բնակող Օրթոտոքս հաւատացեալներուն, աւեցնելով թէ Լեզւոս կղզիին բնակչութիւնը  մեծ երախտագիտութեամբ եւ սիրով կը  յիշեն Ֆրանչիսկոս Սբրազան քահանայապետը։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.