2017-07-04 08:35:00

Եկեղեցին պէտք չէ վախնայ ի տես իր նուազող ազդեցութեան


(Ռատիօ Վատիկան) «Հաղորդութիւն եւ Ազատագրում» կաթողիկէ շարժումի առաջնորդ Հայր Եուլեան Քարրոն հարցազրոյց մը տուած է իր վերջին գրքի հրատարակման առիթով, ուր քննարկած է քրիստոնէութեան նուազող ազդեցութիւնը աշխարհային մշակոյթի մէջ։

Հ. Քարրոն նկատած է, թէ քրիստոնէութեան ազդեցութեան նուազումը բարենպաստ առիթ մըն է եկեղեցւոյ համար։ Ան իր գրքին մէջ, խորագրուած «Զինաթափող Գեղեցկութիւն» կ'անդրադառնայ եկեղեցւոյ դիրքին՝ արդի ընկերութեան խնդիրներու նկատմամբ, ինչպէս՝ ահաբեկչութիւն, սպառողականութիւն, ամուսնութեան եւ ընտանիքի տագնապ։

Թուելով շատ մը խնդիրներ, Հ. Քարրոն կոչ կ'ուղղէ, որ քրիստոնեաներ պատասխանեն այդ խնդիրներուն ոչ թէ մեկնելով վախի դիրքէ այլ կենդանի Քրիստոսի հետ ունեցած իրենց մօտիկութենէն, որ կը յառաջացնէ ուրախութիւն։

Հ. Քարրոն կը նկատէ, թէ «Այսօր Եկեղեցին բարոյական մեծամասնութիւն մը չէ, այս պարագան մեզ կ'ազատագրէ կաշկանդումէ։ Եկեղեցւոյ գոյատեւման եւ զարգացման զօրութիւնը անոր տուած վկայութեան մէջ է։» Ըստ Հ. Քարրոնի, քրիստոնէութեան զօրութիւնը մարմնացեալ Աստուծոյ մէջ է։ Ան Քրիստոսը կը նկատէ օրինակ, թէ ինչպէս պէտք է ճշմարտութիւնը հաղորդել։

Քրիստոնեաները պէտք չէ վախնան, թէ իրենց ազդեցութիւնը կը նուազի։ Մանաւանդ թէ, այս հանգամանքը մեզի առիթ կու տայ կենդրոնանալու էականին վրայ, եւ մարտահրաւէրներն ու հարցերը քննարկելու ճշմարտութեան հոգիով։

Հ. Քարրոն բացատրելով իր գրքի խորագիրը՝ «Զինաթափող Գեղեցկութիւն», կը նկատէ, թէ քրիստոնէական գեղեցկութիւնը, որ ճշմարտութեան փոխանցումն է, մեզ պիտի ազատէ մեր նեղմտութենէն, մեր մտքերը եւ աչքերը պիտի բանայ իրականութեան ամբողջութեան։

Հարցազրոյցին մէջ, Հ. Քարրոն, քրիստոնէութեան մեծագոյն սպառնալիքը կը նկատէ այն հանգամանքը, ուր քրիստոնեան կը զգայ հեռացած, անկայուն, առանցին եւ անորոշ։ Շատեր կ'առաջարկեն պայքարիլ ասոր դէմ՝ կառուցելով պատնէշներ եւ կատարելով կառուցային փոփոխութիւններ։ Սակայն, Հ. Քարրոն բաւարար կը նկատէ քրիստոնէական վկայութիւնը, քրիստոնէական հաւատքի հրապոյրը, որ կը բխի ճշմարտութենէն, գեղեցկութենէն։

Հ. Քարրոն ապա անդրադարձած է այլ հարցերու, ինչպէս՝ դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւն, երկխօսութիւն, քրիստոնէական հաւատքի էութիւն, ընտանիքի եւ ամուսնութեան հայող խնդիրներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.