2017-07-03 09:54:00

Ամերիկայի մէջ կաթողիկէ եպիսկոպոսներու ղեկավարներու ազգային հանդիպում


(Ռատիօ Վատիկան) 1-էն 4 յուլիս 2017-ին, Միացեալ նահանգներու Օրլանտօ քաղաքին մէջ տեղի կ՝ունենայ Միացեալ Նահանգներու կաթողիկէ եպիսկոպոսներու   եւ ղեկավարներու   ազգային հանդիպում , ունենալով որպէս նիւթ  ՝՝ Ամերիկայի մէջ Աւետարանի ուրախութիւնը՝՝ ներշնչուած  Ֆրանչիսկոս Պապաի  Evangelii Gaudium շրջաբերական թուղթէն։

Յիշեալ ծրագիրը նախաձեռնութիւն է Ամերիկայի  եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին, համագործակցութեամբ Կաթողիկէ բարեսիրական եւ այլ կազմակերպութիւններուն, որուն  նախատեսուած է որ իրենց մասնակցութիւնը բերեն աւելիք քան 4000 անձեր։

Արժանի  է նշել, որ վերոյիշեալ Կաթողիկէ եպիսկոպոսներու եւ ղեկավարներու  ամերիկայի ազգային հանդիպումը իր տեսակին մէջ առաջինն է , 100 տարրիներ առաջ, համաշխարհային Ա պատերազմի ժամանակ՝ Ամերիկայի  Կաթողիկէ համալսարանէն ներս գումարուած հանդիպումէն ետք։  








All the contents on this site are copyrighted ©.