2017-07-01 09:22:00

Բացուած են Շուշիի Մեղրեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ հիմքերը


Արցախի Հանրապետութեան տնտեսութեան նախարարութեան «Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւն» պետական որ առեւտրական կազմակերպութեան (ՊՈԱԿ)  հնագիտական արշաւախումբը 2017 Մայիս 10-էն Յունիս 5 պեղումներ իրականացուցած է Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ տարածքին:

Արշաւախումբի ղեկավար, ՊՈԱԿ-ի փոխտնօրէն Նժդեհ Երանեանի փոխանցմամբ՝ պեղումներու արդիւնքով բացուած են եկեղեցւոյ հիմքերը․ «Տեղեկութիւն կար, որ 1960-ականներուն քանդուելէն ետք ասֆալտի տակ պահպանուած են եկեղեցւոյ հիմնապատերը, նշուած փաստը ճշդելու համար իրականացուեցան պեղումներ: Եկեղեցւոյ վերաբերեալ պատմական տուեալներ մեզի հասած են Մակար եպիսկոպոս Բարխուդարեանցի շնորհիւ: Պեղումներու շնորհիւ բացուեցան եկեղեցւոյ հիմնապատերը, որոշ հատուածներու մէջ ան կը հասնի մօտ մէկ մեթր բարձրութեան: Բացուեցաւ նաեւ երկու մուտքերը` հարաւային եւ արեւմտեան կողմերէ, հարաւային եւ արեւմտեան պատերուն տակ` դուրսի կողմէն` սալայատակը, ինչպէս նաեւ Մակար Բարխուդարեանցի յիշատակած չորս սիւներէնի մէկուն հիմքը: Այս ամէնը կու գան հաստատելու Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցու մասին մեզ հասած բանաւոր ու գրաւոր տեղեկութիւնները»:

ՀՀ «պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի հաղորդմամբ, ըստ պատմական աղբիւրներու, Մեղրեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին կառուցուած է 1833-ին` Մահտեսի Հախումեանի ծախսերով, Շուշիի վերին մասի համանուն թաղին մէջ:

1960-ական թուականներուն քանդուած եկեղեցւոյ տեղը գործած է բացօթեայ կինոթատրոն ( պահպանուած արեւելեան պատն ալ, հաւանաբար, ծառայած է որպէս պաստառ)։ Պահպանուած են նաեւ եկեղեցւոյ խորանը եւ բեմը: Զանգակատունը եռայարկ էր` սրբատաշ քարէ:

Մեղրեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ աղօթասրահը (24,75ճ12,77մ) ուղղանկիւն ծաւալատարածական յօրինուածք ունեցած է: Թաղակապ կամարները կը յանգէին սրահի կեդրոնի չորս սիւներուն եւ երկայնական պատերու վեց որմնասիւներուն վրայ: Հարաւային եւ արեւմտեան կողմերէն ունեցած է երկու դուռ եւ 10 լուսամուտ: Հարաւային դրան ճակատային քարին վրայ եղած է եկեղեցու կառուցման վերաբերեալ արձանագրութիւն:

Այս պեղումներուն շնորհիւ Շուշիի պատմական յուշարձաններուն թիւը համալրուեցաւ եւս մէկ կարեւոր պատմամշակութային կոթողով:








All the contents on this site are copyrighted ©.