2017-06-30 12:45:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 30 յունիսին գործունէութիւնն ու պաշտօնական հանդիպումները։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 30 Յունիս 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչը Կարդինալ Կէրարտ Լուտվիկ Միւլլերը, որմէ ետք ընդունեց Արժանթինի Սան Խուան Տէ Քույոյի Թեմին Արքեպիսկոպոսը Գերապայծառ Եորկէ Էտուարտօ Լոցանոն, հուսկ հրաժեշտի այցելութեան առթիւ ունկնդրութիւն շնորհեց Մոնթենեկրոյի հանրապետութեան Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպան` Տիար Վեզեկին Շուքովիչին եւ Լիթվանիոյ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպան  Տիկ Իրենա Վայշվիլայթէին ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի դեսպան Տիար Ալնասր Հաթեմ Սէյֆին։

Ժամը 11,45-ին Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց “Fundación Vitae” հաստատութեան պատուիրակութեան անդամները հուսկ Քլեմենթինա Դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց ''Լատին Ամերիկեան – Իտալական միջազգային կազմակերպութեան 200 անդամներուն, կազմակերպութեան հիմնադրութեան 50-րդ տարեդարձին առիթով։

Այս առթիւ անոնց արտասանած իր ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը յիշեց կազմակերպութեան նպատակակէտը` որ է  խթանել զարգացումն ու համակարգումը ինչպէս նաեւ բացայայտել` անդամ երկիրներու միջեւ համատեղ գործողութիւններ ու փոխդարձ աջակցութեան հնարաւորութիւններ։ Այս ուղղութեամբ­ Սրբազան Պապը ընդգծեց վերոնշեալ նպատակներու իմաստը` սկսեալ ''Հնարաւորութիւններ բացայայտել'' իրականութենէն։ Լատին Ամերիկայի երկիրները հարուստ են իրենց պատմութեամբ, մշակոյթով ու բնական կենսամիջոցներով - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով թէ ''այդ շրջանի մարդիկը բարի են ու զօրակից այլ ժողովուրդներու հետ, այնպէս ինչպէս ի յայտ եկած է բնական աղէտներու ընթացքին'',  ապա ակնարկեց ներկայ իրավիճակին ուր տնտեսական տագնապը յառաջացուց աղքատութեան աճեցում, անգործութիւն, ընկերային անհաւասարութիւն ու հասարակաց տան չարաշահում։

''Այս իրողութեան դիմաց հարկաւոր է վերլուծում կատարել, հաշուի առնելով իրականութիւնը, որպէսզի կարենանք հասկնալ մարդոց իսկական կարիքները ինչպէս նաեւ գնահատել ամէն մէկ անհատի կամ ազգի հարստութիւնը'' ըսաւ Սրբազան  Քահանայապետը եւ անդրադարձաւ երկրորդ կէտին` այն է ''համադրել''։

Համադրել ջանքերը որպէսզի պատշաճ պատասխաններ տրուին մեր երկիրներու զաւակներու պահանջներուն։ Համադրումը կը պահանջէ ժրաջան աշխատանք, ուժերու միացում, յաղթահարելու համար ներկայ մարտահրաւէրները ու յատկապէս գաղթականութեան երեւոյթը, յարեց Նորին Սրբութիւնը, հաստատելով թէ արտագաղթը միշտ ալ գոյութիւն ունեցած է, թէեւ վերջին տարիներուն ան արտակարգ աճ մը արձանգրած է որովհետեւ մարդիկ, մղուած պահանջներէն, կը փնտռեն վայրեր` ուր կայ աշխատանք եւ աւելի արժանավայել կեանք։ Սակայն, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, այս փնտռտուքի ընթացքին շատ մը անձեր բռնութեան թիրախ կը դառնան, բազմաթիւ մանուկներ ու երիտասարդներ մարդավաճառութեան ու չարաշահումի կ՛ենթարկուին։ Արտագաղթը` բաժանումի ողբերգութիւն մըն է, ընտանիքներ կը բաժնուին, զաւակներ կը բաժնուին իրենց ծնողներէն եւ նոյնիսկ երկիրներ, ի տես այս իրողութեան, իրարմէ կը բաժնուին։ ''Հարկաւոր է առ այդ համատեղ քաղաքականութիւն մը, դիմագրաւելու համար այս հարցը'', շեշտեց ապա Նորին Սրբութիւնը ու անդրադարձաւ երրորդ կէտին` որ է ''խթանել'' եւ այս առնչութեամբ շեշտը դրաւ ''երկխօսութեան մշակոյթի վրայ'' հաստատելով թէ քաղաքական երկխօսութեան խթանումը հիմնական է ու թէ այդ երկխօսութեան առանցքը կը կազմէ ''դիւանագիտութիւնը',' որպէս հիմնական գործիք ու զօրակցութիւն, ձգտելու համար խաղաղութեան։

Երկխօսութիւնը անհրաժեշտ է հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը ընդգծելով թէ երկխօսութիւնը կը պահանջէ նաեւ փոխադարձ վստահութիւն, ի միտ ունենալով թէ մեր դիմաց կայ ձեռք երկարող եղբայր մը­,  որ կ՛ուզէ օգնութեան հասնիլ ու կը փափաքի երկու կողմերու բարիքը եւ կ՛ուզէ ամրապնդել եղբայրութեան ու բարեկամութեան կապերը յառաջանալու համար արդարութեան ու խաղաղութեան ուղիներուն վրայ''։

Քահանայապետը հուսկ խօսքը աւարտեց ներկաները քաջալերելով յանձնառու ըլլալ հասարակաց բարիքին ի խնդիր ու մաղթելով որ բոլորին միջեւ համագործակցութիւնը սատարէ աշխարհի մը կառուցման` որ ըլլայ միշտ աւելի մարդկային ու արդար։








All the contents on this site are copyrighted ©.