2017-06-30 07:50:00

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Չինացի կաթողիկէներուն ուղղած նամակին տասնամեակը։


(Ռատիօ Վատկկան) 30 Յունիս 2017-ին կը նշուի Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետին Չինաստանի եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, նուիրեալ անձանց ու աշխարհական կաթողիկէ հաւատացեալներուն, 2007-ի յունիս 30-ին, ուղղած նամակին տասնամեակը, որուն մէջ  Սրբազան Քահանայապետը  կոչ  ուղղած էր  Փէքինի իշխանութեանց ապահովելու համար ''կրօնական ճշմարիտ ազատութիւն''։

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հաստատած է թէ այդ նամակը կը մնայ հիմնական եւ այժմէական, չինական հարցին համար''

Վաստակաւոր Քահանայապետին  նամակը բաժնուած էր երկու մասերու։ Առաջինին մէջ Սրբազան Հայրը   բացայայտած էր եկեղեցւոյ իրավիճակը,  աստուածաբանական տեսանկիւնով իսկ երկրորդին մէջ ան թելադրած էր հովուական կեանքի մասին ուղղութիւններ։

''Իմ այս նամակովս - գրած էր Պենետիկտոս ԺԶ -  կ՝ուզեմ ձեզի տալ ուղղութիւններ հայող եկեղեցւոյ կեանքին, Չինաստանի աւետարանութեան եղանակին, որպէսզի օգնեմ ձեզի ճանչնալու Քրիստոսի կամքը՝ բանալին, կեդրոնը եւ վերջին նպատակը մարդկային պատմութեան''։

Այդ նամակով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը 24 մայիսը հռչակած էր Չինաստանի եկեղեցւոյ համար աղօթքի օր նուիրուած օգնական քրիստոնէից երանուհի Ամենասուրբ կոյս Մարիամին, որուն առթիւ, ամէն տարի,  Չինաստանի հաւատացեալները  կը հաւաքուին Շանկայի Շիշեան Մարեմեան սրբավայրին մէջ։

Վաստակաւոր Քահանայապետը ապա մաղթանք յայտնած էր որ այդ օր բոլոր քրիստոնեաները աղօթքով միանան Չինաստանի եկեղեցւոյ ապա մէջբերած էր Պետրոս առաքեալի ընդհանրական առաջին թուղթէն հետեւեալ խօսքը ''կը հրճուիք ուրախութեամբ, թէպէտ որոշ ժամանակի մը համար հիմա տեսակ տեսակ նեղութիւններու մէջ կը չարչարուիք, որպէսզի ձեր լաւ փորձուած հաւատքը, որ աւելի թանկագին է քան կրակի մէջ փորձուած կորնչական ոսկին, ըլլայ ձեզի համար պատճառ գովասանքի, փառքի եւ պատիւ` Յիսուս Քրիստոսի Յայտնութեան օրը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.