2017-06-30 09:09:00

Ղնէմիէի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ գմբէթին խաչը վերստին տեղադրուեցաւ


Աստուծոյ կամքով եւ օրհնութեամբ ազատագրուած Ղնէմիէ հայկական գիւղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ խաչը, որ օծուած էր Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի ձեռամբ, Չորեքշաբթի, 28 Յունիս 2017-ին տեղադրուեցաւ գմբէթին վրայ ձեռամբ Հոգ. Տ. Արտակ Վրդ. Արապեանի եւ Արժ. Տ. Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեանի, ներկայութեամբ Ղնէմիէ Գիւղի հայ բնակչութեան:

Ղնեմիէն եղած է հայաբնակ գիւղ։ Ղնեմիէի հայ առաքելական Ս․Գէորգ եկեղեցին կառուցուած է 1875-ին Ղնեմիէի ժողովուրդին կողմէ։ Սակայն տեղացի ծերունիներու վկայութեան համաձայն, 1875-ը նորոգութեան թուական կը համարուի, մինչ եկեղեցին մօտաւորապէս 300 տարուան հնութիւն եղած է։

1959-ին, օրուան առաջնորդ Ղեւոնդ Արք․Չէպէեանի նախաձեռնութեամբ ծրագրուած է կիսաքանդ եկեղեցւոյ հիմնական կառուցումը։ Պաշտօնական հիմնարկէքը կատարուած է 9 Օգոստոս 1959-ին, իսկ նորաշէն եկեղեցւոյ օծումը՝ 31 Յուլիս 1960-ին, ձեռամբ Ղեւոնդ Արք․ Չէպէեանի։ 1997-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ․Առաջնորդութեան կողմէ վերանորոգուած է եկեղեցւոյ գմբէթը։

1985-ին շրջափակին մէջ կառուցուած է Ս․Գէորգ եկեղեցւոյ սրահը։

Տեղին է յիշել, որ նախքան սուրիական պատերազմը Ղնեմիէ գեղատեսիլ գիւղին մէջ սուրիահայ միութիւններ իրենց տարեկան ճամբարներն ու արշաւները կը կազմակերպէին։ Իսկ ամէն տարի Ս․ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին հանդիպակաց Կիրակին ուխտագնացութիւն կը կազմակերպուէր դէպի Ղնեմիէի Ս․ Գէորգ եկեղեցի։

Սուրիական տագնապին առաջին տարիներուն, գիւղը գրաւուեցաւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ, որուն հետեւանքով բնակչութիւնը տեղահանուեցաւ, իսկ եկեղեցին սրբապղծուեցաւ։

Գիւղի սուրիական բանակին կողմէ ազատագրումէն ետք, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդը Լաթաքիոյ մէջ օծեց եկեղեցւոյ Ս. խաչը։

Այժմ եկեղեցին գտած է իր նախկին տեսքը, իսկ բնակչութիւնը վերադառնալով լծուած է գիւղի վերականգնումի աշխատանքներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.