2017-06-30 11:21:00

Թուրքիոյ կառավարութիւնը իր հսկողութեան տակ առած է Ասորի Օրթոտոքս եկեղեցւոյ կալուածները


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆիտես Լրատու գործակալութիւն կը յայտնէ որ, Թուրքիոյ  մէջ  առնուազն յիսուն եկեղեցիներ, վանքեր եւ  Ասորի օրթոտոքս եկեղեցւոյ պատկան գերեզմանատուներ՝  սփռուած  ամբողջ Մարտին մարզին տարածքին, անցած են  կառավարութեան գանձապետարանի անմիջական հսկողութեան տակ ։

Արդարեւ,  2016-ին, Մարտինի մարզի կառավարական կոմիտէի մը որոշումով, սկիզբ առած է  ոչ անձնական  հաստատութիւններու  կալուածներուն եւ կառոյցներուն սեփականութեան իրաւունքներու փոխանցման գործողութիւնը՝ կառավարութեան գանձապետարանին, որ կը գտնուի Թուրքիոյ  կրօնի նախարարութեան իրաւասութեան ներքոյ։

Նշենք թէ Թուրքիոյ մէջ  ՝՝Մոր Կապրիէլ՝՝ անուամբ քրիստոնեայ  հիմնարկը բողոք ներկայացնելով  դիմած է քաղաքացիական ատեանին,  խնդրելով կասեցնել վերոնշեալ գործողութիւնները։

Եւրոպա  գաղթած Ասորի  Օրթոտոքս հասարակութիւնները եւս  եւրոպայի զանազան երկիրներու մէջ  դիմած են զանազան նախաձեռնութիւններու,   բողոքելու համար  թուրքիոյ մէջ Ասորի Օրթոտոքս եկեղեցւոյ  կալուածներու սեփականութեան իրաւունքներու` թուրքիոյ կառավարական հաստատութիւններու փոխանցման որոշումին դէմ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.