2017-06-30 08:06:00

Արցախ կը պատրաստուի Նախագահի ընտրութեան։


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Չորեքշաբթի, 28 Յունիսին, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած երեք քաղաքական ուժերու՝ «Ազատ Հայրենիք», Արցախի Ժողովրդավարական եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութիւններու ղեկավար կազմերը հանդիպում ունեցած են:

Քաղաքական երեք ուժերու պատասխանատուները քննարկած են Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան դրոյթներուն համաձայն՝ Ազգային ժողովին կողմէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի յառաջիկայ ընտրութեան հարցը եւ պայմանաւորուած են շարունակել սոյն օրակարգով քաղաքական խորհրդակցութիւնները՝ հնարաւոր համագործակցութեան նպատակով:








All the contents on this site are copyrighted ©.