2017-06-29 09:22:00

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի Եկեղեցական Խորհուրդը զրկած է Աթեշեանը Փոխանորդի իր լիազօրութիւններէն


Վկայակոչելով «Ակօս»-ը` «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի եկեղեցական խորհուրդը որոշում տուած է դադրեցնելու Արամ արք. Աթեշեանի լիազօրութիւնները` իբրեւ պատրիարքական փոխանորդ:

Հոգեւոր խորհուրդի նիստը տեղի ունեցած է 28 յունիս 2017-ին: Սահակ եպս. Մաշալեան յայտնած է, որ որոշումը տրուած է 22 կողմ եւ 2 դէմ ձայներով:

Աթեշեան 24 մայիսին յայտարարած էր, թէ մտադիր է հեռանալ  պատրիարքական փոխանորդի պաշտօնէն` 15 մարտին պատրիարքական տեղապահ ընտրուած Գարեգին արք. Պեքճեանը հրաւիրելով Պոլիս: Այսուհանդերձ, ան մինչեւ այսօր պաշտօնապէս իր հրաժարականը չէր տուած:

Պեքճեանի եւ Աթեշեանի միջեւ 24 յունիսին հանդիպում մը տեղի ունեցած էր: Հանդիպումին Աթեշեան յայտնած էր, որ չի մտածեր փոխանորդի պաշտօնէն հրաժարական տալու մասին:








All the contents on this site are copyrighted ©.