2017-06-29 09:28:00

Մոսկուա Սուրիոյ մէջ միակողմանի քայլերէ կը զգուշացնէ Ուաշինկթընը


Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով զգուշացուց Միացեալ Նահանգները Սուրիոյ մէջ միակողմանի քայլերէ` նշելով. «Դամասկոսի` քիմիական զէնքով յարձակումներու պատրաստուելուն մասին Ուաշինկթընի պնդումները զրպարտութիւն են»:

«Դամասկոսի կողմէ քիմիական զէնքով յարձակումներու պատրաստութեան մասին Ուաշինկթընի յայտարարութիւնները կը դժուարացնեն Ասթանայի եւ Ժընեւի բանակցային հոլովոյթը» նշեց ան:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նիւըրթ մերժեց Դամասկոսի կողմէ քիմիական զէնքով յարձակումի պատրաստութեան վերաբերեալ փաստեր ներկայացնել եւ շեշտեց. «Զանոնք պիտի չբացայայտեմ, որովհետեւ ատիկա գաղտնի սպասարկութեան կը վերաբերի, եւ բոլորդ ալ գիտէք, որ երբեմն գոյութիւն ունին հարցեր, որոնք չենք կրնար մանրամասնել, սակայն Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ուշադրութիւնը կը գրաւեն» բարձրագոյն մակարդակով:

Միւս կողմէ, «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ անցեալ քանի մը օրուան ընթացքին Սուրիոյ ծովափի երկայնքին ամերիկեան ծովուժի «Փի.8 Այ.» տիպի լրտեսական օդանաւերու արտասովոր թռիչքներ կը նկատուին, ինչ որ բանի մը նախապատրաստութեան ցուցանիշ է:

«Մայատին» կը նշէ, որ այդ տիպի օդանաւերու նոյնպիսի արտասովոր թռիչքներ նկատուած էին սեպտեմբեր 2016-ին, երբ քանի մը ժամ ետք ամերիկեան օդուժը Տէր Զօրի մէջ հարուածեց սուրիական բանակին դիրքերը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.