2017-06-29 13:11:00

Կարդինալ Փել. ''Աւստրալիա կը վերադառնամ իմ անմեղութիւնս բացայայտելու համար''։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի տնտեսութեան քարտուղարութեան կառավարիչ` Կարդինալ Ժորժ Փել, Աւստրալիայի մէջ մեղադրուեցաւ` 70 թուականներուն տեղի ունեցող սեռական չարաշահումներու յանցանքով եւ ասոր համար  կանչուած է­, յառաջիկայ 18 Յուլիսին, ներկայանալու  դատարան։

Հինգշաբթի 29 Յունիսի առաւօտեան, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ ելոյթ ունենալով Ծիրանաւորը, ի մէջ այլոց, հաստատեց թէ ինք վերջապէս կարողութիւնը պիտի ունենայ ինքզինք պաշտպանելու ատեանի մը առջեւ։

''Կը վերահաստատեմ իմ անմեղութիւնս'' ըսաւ Կարդինալ Փել ''սուտ'' համարելով այդ մեղադրանքները եւ ընդգծելով թէ ''Սեռային չարաշահումները  իրեն համար նողկալի են''։

Կարդինալ Փել հաստատեց նաեւ թէ Ֆրանչիսկոս Պապ տեղեակ է ու մշտապէս հետեւած է հարցին ու թէ վերջին մէկ հանդիպումի ընթացքին­, Տնտեսութեան Քարտուղարութեան Կառավարիչը Անորմէ խնդրած է ''հանգիստի ժամանակաւոր շրջան մը'' որպէսզի կարենայ Աւստրալիա երթալ պաշտպանելու համար իր դատն ու հեղինակութիւնը։

''Ես երախտապարտ եմ Նորին Սրբութեան որ ընդառաջեց իմ խնդրանքիս, որպէսզի կարենամ Աւստրալիա վերադառնալ... այս առնչութեամբ կապ պահեցի իմ փաստաբաններուս հետ եւ անգամ մը եւս կը նորոգեմ իմ մերժումի կեցուածքս այդ մեղադրանքներու դիմաց...ու վստահ եմ որ դատավարութիւնը առիթ պիտի ընծայէ հերքելու զանոնք'' ըսաւ միշտ կարդինալ Փելը` Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին մէջ ունեցած  իր ելոյթին մէջ ։

Միւս կողմէ Սուրբ Աթոռը եւս հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ իր ցաւն ու զարմանքը արտայայտեց ի տես Կարդինալ Փելի դէմ մղուած մեղադրանքներուն` յարգանք արտայայտելով Աւստրալիական արդարադատութեան նկատմամբ ու յիշեցնելով թէ` Կարդինալ Փել, տարիներ ամբողջ, մեղադրած ու  դատապարտած  է անչափահասներու դէմ կատարուած սեռային չարաշահումները, պայքարելով նաեւ այդ չարաշահումներուն դէմ, զոր միշտ նկատած է անբարոյ եւ անհանդուրժելի։








All the contents on this site are copyrighted ©.