2017-06-28 10:20:00

Ֆրանչիսկոս Պապ կը գլխաւորէ կարդինալական տիտղոսի տուչութեան արարողութիւնը.


(Ռատիօ Վատիկան) ''Սիրելի եղբայրներ, կը պատրաստուինք կատարելու մեզի յանձնուած պարտականութեան հաճելի ու լուրջ արարք մը, որ կը հայի նախ եւ առաջ Հռոմի եկեղեցւոյ, սակայն կը հետաքրքրէ համայն եկեղեցական հասարակութիւնը. Մեր եղբայրներէն մի քանիները պիտի կոչենք մաս կազմելու Կարդինալական դասին, որպէսզի անոնք աւելի սերտ կապով միացած ըլլան Սուրբ Պետրոսի աթոռին, ու դառնան մաս Հռոմի կղերին, աւելի սերտօրէն համագործակցելով մեր առաքելական ծառայութեան։ Անոնք, ստանալով ծիրանաւորի տիտղոսը, պիտի դառնան Քրիստոսի ու Անոր աւետարանին արի վկաները` Հռոմի ու հեռաւոր շրջաններուն մէջ։ Ուստի Ամենակալ Աստուծոյ, Պետրոս ու Պօղոս առաքելապետերու ու մեր իշխանութեամբ կը ստեղծենք ու  հանդիսաւոր կերպով Հռոմի Սուրբ Եկեղեցւոյ Կարդինալ կը հռչակենք մեր այս եղբայրները'':  Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, չորեքշաբթի 28 Յունիս 2017-ի յետմիջօրէի 4-ին, Սուրբ Պետրոսի մէջ կայացած Կարդինալական ընդհանուր հաւաքի ընթացքին Կարդինալական գլխարկը, մատանին ու վերարկուն պիտի շնորհէ նոր նշանակուած հինգ կարդինալներու որոնք ապա մաս պիտի կազմեն կարդինալական դասին։  

Արարողութիւնը սկիզբ կ՛առնէ նոր Կարդինալներու տարիքով ամենամեծ կարդինալի շնորհակալ ական ողջոյնի խօսքով, որուն կը յաջորդէ Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը հուսկ կը կատարուի նոր ընտրեալ ծիրանաւորներու կարդինալական դասի պատկանելիութեան հռչակումը ու անոնց երդման արարողութիւնը, որուն ընթացքին ամէն մէկ կարդինալ կը խոստանայ ''հաւատարիմ մնալ Քրիստոսի ու Անոր աւետարանին, հնազանդիլ Հռոմի Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ, ու Երանելի Պետրոսին` յանձինս Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոսին ու անոր յաջորդներուն, խօսքով եւ գործով պահպանելով Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հետ հաղորդութիւնը­, ու ոչ մէկուն յայտնելով իրեն յանձնուած գաղտնիքները­, որոնց բացայայտումը` կարող է Սուրբ Եկեղեցւոյ վնաս կամ անպատուութիւն հասցնել.Մեծ ջանասիրութեամբ ու հաւատարմութեամբ կատարել պարտականութիւնները որոնց համար կանչուած է ծառայելու եկեղեցւոյ մէջ, եկեղեցական օրէնքի համաձայն''։

Երդման արարողութենէն ետք ամէն մէկ կարդինալին կը յանձնուի նախ կարդինալական կարմիր գլխարկը` որուն գոյնը կը խորհրդանշէ` միշտ պատրաստ ըլլալ գործելու ի սպաս քրիստոնեայ հաւատքի տարածման ու Աստուծոյ ժողովուրդի խաղաղութեան ու անդորրութեան համար, ինչպէս նաեւ Հռոմի Եկեղեցւոյ ազատութեան համար, նոյնիսկ կեանքի զոհաբերումով։ Ապա կը շնորհուի մատանին որ կը յատկանշէ սէրը հանդէպ եկեղեցւոյ, ապա ամէն մէկ կարդինալ կը ստանձնէ Հռոմէական Եկեղեցւոյ մէկ տիտղոսը ու անոր կը յանձնուի Քահանայապետի կարդինալական նշանակութեան հրովարտակը։

Արարողութիւնը վերջ կը գտնէ Հայր մեր աղօթքի արտասանութեամբ։

 

 

Կարդինալական դասին կազմը այսօր։

Կարդինալական դասը կազմուած է 5 ցամաքամասերէ` 83 Երկիրներ ներկայացնող կարդինալներէ։

Եւրոպական ցամաքամասը ունի 109 կարդինալներ, որոնցմէ 53 Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով կարդինալներ եւ 56 առանց ընտրութեան իրաւունքի։

Հիւսիսային Ամերիկան ունի 26 կարդինալներ, որոնցմէ 17-ն Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով եւ 9-ն ոչ ընտրող։

Կեդրոնական Ամերիկան ունի 9 կարդինալ, հինգը ընտրող ու չորսը ոչ ընտրող։ Մինչ Հարաւային Ամերիկան ունի 26 կարդինալ, որոնցմէ 12 Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով եւ 14 ոչ ընտրող։

Ափրիկեան ցամաքամասը ներկայացուած է 25 կարդինալներով, որոնցմէ 15 Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով ու 10 ոչ ընտրող։ Ասիական ցամաքամասը ունի 24 կարդինալ, 15 ընտրող ու 9 ոչ ընտրող, ապա Ովկիանեան ցամաքամասը ունի 6 կարդինալ, որոնցմէ չորսը` Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով եւ երկուքը ոչ ընտրող։

Կարդինալական դասին ընդհանուր թիւը 225 է,  որոնցմէ 121 քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով եւ 104-ը, 80- տարեկան անց, ուստի առանց քահանայապետ ընտրելու իրաւունքի։








All the contents on this site are copyrighted ©.