2017-06-27 11:59:00

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 25-րդ տարեդարձի պատարագի ընթացքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 27 Յունիս 2017-ին, առաւօտեան,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի  Պօղոսեան Մատրան մէջ գլխաւորեց Համապատարագի արարողութիւնը մասնակցութեամբ Հռոմի մէջ գտնուող կարդինալներուն նշելու համար իր Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 25-րդ ամեակը։

Սրբազան արարողութեան առթիւ արտասանած քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն ու յատկապէս Աստուծոյ` Աբրահամին տուած հրահանգին, դուրս ելլելու իր երկրէն ու երթալու դէպի աւետեաց երկիր։

Ընթերցուածի հատուածին մէջ կը գտնենք ապա այլ բառեր ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ''Ոտքի ել'', ''Նայիր'', ''Յուսայ''։ Երեք հրամայականներ որոնք կը յատկանշեն Աբրահամին ուղեւորութիւնն ու անոր վարուելակերպը, ըսաւ Ան ու մեկնաբանեց այդ խօսքերէն ամէն մին. ''Ոտքի Ել'' այսինքն անշարժ մի մնար, քալէ` որովհետեւ դուն ունիս պարտականութիւն մը,

յարեց Սրբազան Պապը  ապա ''Նայիր'' երկրորդ հրամայականին անդրադառնալով նշեց թէ այդ կը նշանակէ` աչքերդ վեր բարձրացուր­, դէպի հորիզոնը, պատեր մի կառուցեր ու յառաջ ընթացիր, ապա երրորդ հրամայականը` ''Յուսայ''։ Խօսք մը արտասանուած մարդու մը որ կարող չէր ժառանգ ունենալ, ըլլայ իր տարիքի բերումով, ըլլայ իր կնոջ ամուլ ութեան պատճառաւ։  Տէրը սակայն անոր կ՛ըսէ ''ծովու աւազի հատիկներուն չափ զաւակներդ պիտի բազմանան։ Հայեացքդ վեր բարձրացուր ու երկնքի աստղերը համրէ, այդպէս պիտի ըլլայ քու ժառանգութիւնդ''։ Ու Աբրահամ անտարակոյս կը հաւատայ։

Աբրահամ մեզի կը սորվեցնէ թէ ժամանակը չէ` մեր կեանքը փակումի մէջ դնելու, մեր պատմութիւնը փակելու։ Տէրը մեզի կ՛ըսէ որ մեր պատմութիւնը բաց է, եւ ունի առաքելութիւն մը եւ ասոր համար մեզի կը հրամայէ ''Ոտքի Ել'' ''Նայէ'' եւ ''Յուսայ''։

''Մենք ծերունիներ ենք որ հրաւիրուած ենք երազելու ու մեր երազները նուիրելու այսօրուայ երիտասարդութեան'' ըսաւ ապա Քահանայապետը, ''որպէսզի անոնք մեր երազներէն ուժ գաղէն, յառաջ տանելու այդ պարտականութիւնը։ Պէտք չէ փակուինք մենք մեր մէջ որովհետեւ երիտասարդները կարիքը ունին մեր փորձառութեան, մեր դրական երազներուն, յառաջ տանելու համար մարգարէութիւնն ու աշխատանքը – ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը Տիրոջմէ հայցելով մեծ հայրեր ըլլալու շնորհքը ու շնորհքը երազելու ու այդ երազը փոխանցելու երիտասարդներուն։

Պատարագի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց կարդինալ Սոտանոյին, Կարդինալական դասի աւագերէցին, ու բոլոր կարդինալական դասին,  միասնական աղօթքի նուէրին համար­, ''այս տարեդարձին առթիւ'', ըսաւ Քահանայապետը ու ներողութիւն խնդրեց իր մեղքերուն համար։

''Շնորհակալութիւն ձեր եղբայրական աջակցութեան. Տիրոջմէ կը հայցեմ որ օրհնէ ձեզ ու ձեզի ընկերանայ Եկեղեցւոյ ծառայութեան ձեր ուղեւորութեան մէջ'' ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով խօսքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.