2017-06-27 08:28:00

Հայաստանի ռազմական օդուժը 25 տարեկան է։


ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերու ուղղաթիռներն ու օդանաւերը Յունիս 26ին թռիչքներ կատարեցին՝ երկնակամարին վրայ ցուցադրելով բարձրագոյն սաւառնորդութեան հնարքներ ու այլ հմտութիւններ:
Հայաստանի Զինուած ուժերու օդուժը, Հակաօդային պաշտպանութեան զօրքերու ու ռատիօ-ելեկտրոնային պայքարի ստորաբաժանումներու կազմաւորման 25ամեակին առթիւ, Երեւանի «Էրեբունի» օդակայանին մէջ օդաչուներն ու անկարգելորդները օդին մէջ պատկերեցին Հայոց եռագոյնը:
Տօնակատարութեան սկիզբը իրենց վարպետութիւնը օդին մէջ ցուցադրեցին հայ օդաչուները, որոնք ռազմական օդանաւերով եւ ուղղաթիռներով ցուցադրական թռիչքներ կատարեցին: Այնուհետեւ անկարգելներով երկինքէն վար իջան ԶՈՒ օդուժի վարչութեան որոնողափրկարարական եւ անկարգելութեան ծառայութեան մարտիկները:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան, ջերմօրէն շնորհաւորելով նշուած ուժերու տօնը՝ ըսաւ, որ սեփական զինուժ եւ ռազմական աւանդոյթներ ունեցող աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն համար ռազմական օդուժը հպարտութեան եւ ոգեւորութեան աղբիւր է, ինչպէս նաեւ սեփական երկրի պաշտպանուածութեան, երկրի մարտունակութեան եւ հզօրութեան խորհրդանիշ:
Անոր խօսքով՝ հայկական ռազմական օդուժի տարեդարձը մեր զինուորական տօնացոյցին մէջ առանձնայատուկ եւ պատուաւոր տեղ կը գրաւէ: «Սա իւրատեսակ տօն է, որ առիթ է յետադարձ հայեացք նետելու, վերագնահատելու պատերազմի դժուար օրերուն ստեղծուած, հայկական օդուժի անցած ճանապարհը, արժեւորելու ունեցած ձեռքբերումները եւ սահմանելու նոր նշաձող՝ առաւել նշանակալի ձեռքբերումներու հասնելու համար: Այս տօնը նաեւ մեր ամբողջ հասարակութեան ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ այն մարդոց վրայ, որոնց ամէնօրեայ քրտնաջան աշխատանքին շնորհիւ կազմաւորուած է հայկական օդուժը», ըսած է Սարգսեան՝ մաղթելով խաղաղ երկինք, անսպառ եռանդ եւ շարունակական ձեռքբերումներ:
Նախարարին խօսքով՝ հայկական օդուժին մասին երբ խօսինք, անհնար է չյիշել զօրատեսակի նուիրեալները, թոշակի անցած, բայց իրենց աջակցութեամբ մեր կողքին մնացող վեթերանները, որոնք ջանք չեն խնայեր զօրատեսակի պատիւը բարձր պահելու համար: Սարգսեան նշած է, որ այս մարդոց, անոնց ղեկավարներու ու ընկերներու ջանքերուն շնորհիւ է, որ ստեղծուեցաւ ռազմական օդուժը սնող երակը՝ Մարշալ Արմենակ Խամփերեանցի անուան ռազմական օդուժի համալսարանը: Ան ընդգծեց, որ այժմ ռազմական օդուժի նուաճումներուն փոխանցիկ դրօշը երիտասարդներու ձեռքն է:
«Հպարտ եմ, որ համալսարանը կարելի է անուանել հետազօտական համալսարան, քանի որ այսօր այնտեղ նախագծուած եւ ստեղծուած սարքերը կը համալրեն մեր ԶՈՒ կարիքները: Յոյսով եւ հաւատքով կը սպասենք անոնց թարմ գաղափարներուն, որոնք ծնունդ կու տան զօրատեսակի նորանոր ձեռքբերումներուն», ըսած է Վիգէն Սարգսեան:
Նախարարը Հայաստանի ԶՈՒ օդուժի կազմաւորման 25ամեակին առիթով պատուոգիրներ եւ պարգեւներ յանձնած է անձնակազմին՝ ծառայողական պարտականութիւնները բարեխիղճ կատարելուն համար:
Հայաստանի Զինուած ուժերու կարեւորագոյն զօրատեսակներէն են օդուժի, ՀՕՊ եւ Ռատիօ-ելեկտրոնային պայքարի ուժերը: Զինուած ուժերու օդուժը կազմաւորուած է 1992ին՝ հայկական բանակի կազմաւորման զուգընթաց:
 
Լուսանկարները՝ ՄԽԻԹԱՐ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆի

 








All the contents on this site are copyrighted ©.