2017-06-26 13:49:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ''քաղցկեղի հիւանդութեան դէմ պայքար'' դաշնութեան անդամները


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 26 յունիս 2017-ին, Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց քաղցկեղի դէմ պայքար մղող Իտալական դաշնութեան աւելի քան 150 անդամները եւ այս առթիւ անոնց արտասանած խօսքին մէջ  Նորին Սրբութիւնը գնահատեց դաշնութեան յանձնառումը,  որ ընկերութեան համար երկեակ հարստութիւն է, ըսաւ Ան, նշելով մէկ կողմէն դաշնութեան մատուցած ծառայութիւնները ի սպաս քաղցկեղի հիւանդութեան կանխարգիլումին եւ միւս կողմէն ''կամաւորութեան'' զարգացումը որ է ''անվճար նուիրումի'' արտայայտութիւն։ 

Սրբազան Հայրը  ապա շեշտեց, թէ յոյժ կարիքը  կայ տարածելու կեանքի մշակոյթ մը, ժողովրդային. լուրջ ու բոլորին մատչելի`  կեանքի մշակոյթ մը, որ հիմնուած չ՛ըլլայ  առեւտրական շահերուն  վրայ։  Ան ապա  բարձր արժեւորեց նաեւ  քաղցկեղի դէմ պայքար մղող ընկերակցութեան կամաւորներուն,  կառավարական եւ անձնական առողջապահական կառոյցներուն միջեւ համագործակցութիւնը, ի սպաս  ընտանիքներուն ծառայութեան, յատկապէս ամենօրեայ կեանքի մէջ, դիտել տալով որ սոյն աշխատանքը,  բաժնեկից եւ համախոհ կը գտնէ եկեղեցին,  որուն կոչումն ու առաքելութիւնն է ապրիլ  ծառայութիւնը քրիստոնէական լռութեամբ եւ հեզութեամբ։ Արդարեւ՝ բարիքը աւելիով արդիւնաւէտ է յատկապէս երբ կը կատարուի առանց հատուցումի կամ երեւնալու փնտռտուքին ըսաւ հուսկ  Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադառնալով նաեւ դաշնութեան անդամներուն արուարձաններուն մէջ կատարած ծառայութիւններուն, հաստատելով որ արուարձաններ կը համարուին այն բոլոր  այր մարդիկն ու ու կիները, որոնք կ՝ապրին անտեսումի վիճակին մէջ եւ թէ այդ արուարձաններն են, որ մեզմէ իւրաքանչիւրս կը կոչեն պատասխանատուութեան` որովհետեւ ամէն մէկ քրիստոնեայ շնորհքի գիտակից գործիք մըն է, ու մերձաւորը խնամելը ընկերութեան համար անգնահատելի հարստութիւն է – հաստատեց Ֆրանչիսկոս  Սրբազան Քահանայապետը շեշտելով թէ  .

''առողջապահութիւնը իւրաքանչիւր անհատի առաջնակարգ ու հիմնական բարիք  մըն է''  ու մաղթեց որ քաղցկեղի հիւանդութեան կանխարգիլման ծառայութիւնը հասանելի ըլլայ բոլորին, շնորհիւ` հանրային եւ  անձնական ծառայութիւններու միջեւ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական ընկերակցութեան  եւ բարեսիրական ընկերակցութիւններու միջեւ միասնական աշխատանքին։    Սրբազան Պապը խօսքը եզրափակեց Տիրամօր Մայրական  հովանիին յանձնելով ընկերակցութեան անդամներուն ու կամաւորներուն յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց հանդիպած բոլոր հիւանդները եւ բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.