2017-06-24 09:21:00

Երանելի կը հռչակուի Լիթուանացի եպիսկոպոս Թէոֆիլօ Մաթուլիոնիսը


(Ռատիօ Վատիկան) Լիթուանիոյ Վիլնիուս քաղաքին մէջ, կիրակի 25 յունիս 2017-ին, Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Անճելօ Ամաթոն  կը նախագահէ Սուրբ Պատարագի արարողութեան, որուն ընթացքին երանելի կը հռչակէ Լիթուանիոյ ՝՝Քաիսիատորիս՝՝ թեմի երբեմնի արքեպիսկոպոսը՝ Գերապայծառ   Թէոֆիլօ Մաթուլիոնիսը։

Ան ծնած է Լիթուանիոյ Քովնօ քաղաքին մէջ ՝1873-ին։ Ւր ուսումները աւարտած է Սան Փեթերսպուրկի նորընծայարանի մէջ։ 1900 թուականին ձեռնադրուած է քահանայ՝ լատինական ծէսով։

1912-1914 տարիներուն, եղած է ժողովրդապետ Սան Փեթերսպուրկի Սրբուհի Քաթերինա եկեղեցւոյ։ 1923-ին, ձերբակալուած  եւ բանտարկուած է Ռուսիոյ կառավարութեան կողմէ մինչեւ 1926։ Նոյն տարին, Մոսկուայի Սան Լուիճի եկեղեցւոյ մէջ  գաղտնի կերպով  կ՝օծուի Եպիսկոպոս։

1930-ին, դարձեալ կը դատապարտուի Ռուսիոյ մէջ, հակասովետական ընկերակցութիւն ստեղծելու մեղադրանքով եւ կ՝աքսորուի Սոլովքիի համակեդրոնացման ճամբար։

26 սեպտեմբեր 1933-ին, ազատ կ՝արձակուի եւ կ՝ուղարկուի Լիթուանիա, շնորհիւ բանտարկեալներու փոխանակումի։

1946-ին, Լիթուանիոյ մէջ դարձեալ կը ձերբակալուի եւ կ՝աքսորուի Սիպերիա,  ապա 1956ին ազատ կ՝արձակուի եւ կը վերադառնայ Լիթուանիա եւ  հոն  Սետուվա քաղաքին մէջ՝ կ՝ապրի առանց մատակարարելու եպիսկոպոսական իշխանութիւնները։

Իր մահէն քիչ ժամանակ առաջ, կը ստանայ արքեպիսկոպոսի տիտղոսը ապա հոգին կ՝աւանդէ՝ 20 օգոստոս 1962-ին։

Լիթուանիոյ Քաիսիատորիս թեմին, Աստուծոյ ծառայ գերապայծառ Մաթուլիոնիսի յաջորդող երրորդ  եպիսկոպոսը՝  գերապայծառ  Ժոնաս Ւվանաուսքաս,  վատիկանի Ռատիոկայանին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, խօսելով վերոյիշեալ Լիթուանացի նահատակին երանացումին  մասին յայտնեց,  թէ Աստուծոյ ծառայ Թէոֆիլիուսի՝ Լիթուանիոյ մէջ կայանալիք երանացումը կը նկատուի Լիթուանացի առաջին մարտիրոսի երանացումը ու թէ այդ արարողութիւնը կը հանդիսանայ երանացման պատմական առաջին արարողութիւնը որ տեղի պիտի ունենայ Լիթուանիոյ հողին վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.