2017-06-23 07:55:00

''Լիբանանի համար Օրուան'' նշումը Ֆաթիմայի Տիրամօր Սրբավայրին մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) 24 եւ 25 Յունիսին, Փորթուկալի Ֆաթիմայի Տիրամօր Սրբավայրին մէջ պիտի նշուի ''Լիաբանանի համար Օրը'', որուն առթիւ  24 յունիսին նախատեսուած է Սուրբ Վարդարանի աղօթք, ապա մոմերու աւանդական թափօրը հուսկ` երկրորդ օրը` Սրբավայրի պազիլիքային մէջ­, նախատեսուած է Սուրբ Պատարագի զոհը զոր պիտի գլխաւորէ Մարոնիթ Եկեղեցւոյ Պատրիարքը` Կարդինալ Պութրըս Պշարա Ռային, ճիշտ այն վայրին մէջ ուր 1917-ին Տիրամայրը երեւցած էր երեք փոքրիկ հովիւներուն` Լուչիա Տէ Սանթոս, Ճաչինթա եւ Ֆրանչիսքօ Մարթոյին։

Պատարագի ընթացքին որ նախատեսուած է Կիրակի 25 Յունիսին,  Մարոնիթ Եկեղեցւոյ Պատրիարքը, Արեւելքէն ժամանած այլ Եկեղեցապետերու հետ միասին­­, որոնց շարքին նաեւ Հայ կաթողիկէ Պատրիարքութեան Պէյրութի Թեմին Փոխանորդ Եպիսկոպոս` գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեանը, պիտի վերանորոգեն Մայրիներու Երկրի նուիրումը` Աստուածամօր անարատ սրտին։

 

Մարոնիթ Եկեղեցին պիտի նշէ ''Մարտիրսներու Տարին''։

Այս առթիւ նշենք նաեւ թէ  Մարոնիթ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսը որուն աշխատանքները վերջ գտան անցեալ շաբաթ օր, յայտարարած է թէ Մարոնիթ Եկեղեցին պիտի նշէ  ''Մարտիրոսներու Տարին'' որուն եզրափակումը նախատեսուած է 2018-ի Մարտ 2-ին։ ''Մարտիրոսներու տարին'', կը կարդանք Մարոնի Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի կողմէն հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ, արտակարգ առիթ է վերանորոգելու համար Քրիստոսը վկայելու յանձնառումը  ու այնպէս ընելու որ սէրը յաղթէ ատելութեան ու խաղաղութիւնը` պատերազմին։ Տարի մըն է որ պէտք է առիթ ըլլայ` վախը փառատելու մեր սրտերէն, հակառակ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն դէմ գործադրուած խտրականութիւններուն ու հալածանքներուն, որոնց հետեւանքով շատեր կը ստիպուին լքել իրենց տուներն ու հեռանալ'' գրուած է միշտ Մարոնիթ Եպիսկոպոսներու հրապարակած վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.