2017-06-23 08:00:00

Աշխարհի բնակչութիւնը 2017-ին կը հասնի 7․6 Միլիառի․ ՄԱԿ զեկոյց


Աշխարհի բնակչութիւնը այս տարի կը հասնի 7.6 միլիառի, իսկ մինչեւ 2050 թուականը` 9.8 միլիառի` Հնդկաստանի, Փաքիստանի, Նիճերիոյ, Քոնկոյի, Եթովպիոյ, Թանզանիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Ուկանտայի եւ Ինդոնեզիոյ հաշուին: Սա ՄԱԿ-ի վերլուծութիւնն է, որ զեկոյցի տեսքով հրապարակուած է Յունիս 21-ին, կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը:

Ըստ այդ կանխատեսումներուն` Հնդկաստանը, որը ներկայիս բնակչութեան թիւով երկրորդն է աշխարհի մէջ` 1.3 միլիառ մարդ, ամենայն հաւանականութեամբ, 7 տարուան ընթացքին պիտի գերազանցէ Չինաստանը, որուն բնակչութիւնը այժմ 1.4 միլիառ է:

Միեւնոյն ժամանակ, կը նշուի, որ բնակչութեան թիւի աճը ամենաաղքատ երկիրներուն մէջ նոր խնդիրներ պիտի ստեղծէ սնունդի, կրթութեան, առողջապահութեան եւ այլ։








All the contents on this site are copyrighted ©.