2017-06-22 08:17:00

Հռոմի մէջ աղօթք-հսկում յիշատակելու համար դէպի Եւրոպա ճամբորդ գաղթական զոհերը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 22 յունիսի երեկոյեան  5,30ին, Հռոմի Սանթա Մարիա Ին Թրասթեվերէ եկեղեցւոյ հրապարակին վրայ կը համախմբուին գաղթականներու ի սպաս զանազան բարեսիրական կազմակերպութիւններու անդամներ, ի շարս որոնց՝ Սան Էճիտիոյի հասարակութեան, Միկրանթես հիմնարկի, Իտալիոյ մէջ աւետարանական եկեղեցւոյ դաշնակցութեան­, ինչպէս նաեւ Յովհաննէս ՒԳ ընկերակցութեան ներկայացուցիչներ, որոնք հինգ կէտերու մէջ ամփոփուած ներգաղթի մասին իրենց առաջարկները պիտի ներկայացնեն։

Հաւաքին աւարտին, նախատեսուած է  ''Յոյսով մեռնիլ'' խորագիրով աղօթքի հսկում,  յիշելու համար անթիւ անձեր՝ այրեր ու կիներ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ մանուկներ, որոնք  վերջին երկու տարիներուն իրենց կեանքը կորսնցուցին միջերկրական ծովուն մէջ դէպի Եւրոպա ճամբորդութեան ընթացքին։ Նշենք թէ  միյան  2017 թուականին, գրեթէ երկու հազար անհատներ անհետացած են Միջերկրական ծովուն մէջ։  

Աղօթք - հսկումին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն անթիւ գաղթականներ, ի մէջ այլոց դէպի եւրոպա գաղթի ժամանակ  փրկուած եւ  մարդկային բարեսիրական կազմակերպութիւններու միջոցաւ Եւրոպա հասած փախստականներ։

Աղօթք - Հսկումի ընթացքին, մոմեր պիտի վառուին, ի յիշատակ բոլոր անոնց որոնք դէպի Եւրոպա գաղթելու յոյսով իրենց կեանքը կորսնցուցին միջերկրական ծովուն մէջ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.