2017-06-21 10:35:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Հայաստան այցելութեան առաջին տարեդարձին առթիւ նուէր։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 21 Յունիս 2017-ին, հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց Հռոմ ժամանած բազմաթիւ ուխտաւորներ, որոնց շարքին էր նաեւ հայ նկարչուհի` Տիկ Մարիեթթա Արմենան որ Վատիկան ժամանած է Գերմանիայէն, Նորին Սրբութեան նուիրելու նկար մը որ կը պատկերացնէ Ֆրանչիսկոս Պապը իր ձեռքին մէջ բռնած խաղաղութիւնը խորհրդանշող աղաւնին, ու անոր ետին Արարատ լերը ուր` աւանդութեան համաձայն, ջրհեղեղի աւարտին կանգ առաւ Նոյի տապանը։

Հայ նկարչուհիի համար, 150*150 սմ մեծութեամբ նկարի աշխատանքի շարժառիթներէն առաջինը եղած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 2015-ի Ապրիլին, Վատիկանի մէջ գլխաւորած Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներուն նուիրուած սուրբ պատարագի արարողութիւնը, ապա Նորին Սրբութեան 2016-ի յունիսին, Հայաստան` առաջին քրիստոնեայ երկիր կատարած առաքելական ուխտագնացութիւնը։

Այդ  իւղանկարին ընդմէջէն նկարչուհի Մարիեթթա Արմենան ուզած է պատկերացնել  Սրբազան Քահանայապետին աշխարհին ուղղած կարեւոր պատգամը ի սպաս խաղաղութեան։ Նորին Սրբութիւնը արդարեւ ձախ ձեռքին մէջ բռնած է աղաւնի մը որ արդեն կը ձգտի թռիչք առնել­­, իսկ միւս ձեռքով կ՛օրհնէ ու հրաւէր  կ՛ուղղէ մարդկութեան միանալու իր այդ խաղաղութեան իղձին. հրաւէր մը ուղղուած բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց ու կիներուն, հրաւէր մը որ կ՛արտացոլայ  աւետեաց երկիր` Հայաստանէն։

Հայ նկարչուհի Մարիեթթա Արմենան ծնած է Երեւան ու 20 տարիէ ի վեր կ՛ապրի Գերմանիոյ մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.