2017-06-21 10:12:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ամերիկեան Ֆութպոլի խումբի մէկ պատուիրակութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 21 յունիս 2017-ին, առաւօտեան, Վատիկանի Պօղոս Զ-ի անուան փոքրիկ դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց  Ամերիկեան Ֆութպոլի ''National Football League'' ի 43 անդամներէ կազմուած պատուիրակութիւն մը։

Այս առթիւ ներկաներուն ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազահ հայրը յարեց, թէ ինք եւս շատ կը սիրէ Ֆութպոլի խաղը, սակայն իր ժամանած երկրին մէջ  շատ տարբեր ձեւով կը խաղաղա զայն ու անդրադարձաւ Ֆութպոլի խաղի բարոյական բարձր արժանիքներուն մասին, նշելով թէ մեր ապրած  ժամանակակից աշխարհին մէջ, յատկապէս երիտասարդները, կարիքը ունին տիպարներու, անձերու,  որ ցոյց կու տան  ինչպէս դրսեւորել լաւագոյնը մեր անձին, արդիւնաբեր դարձնելու համար Աստուծոյ մեզի տուած պարգեւներն ու ձիրքերը, եւ այս կատարելու ժամանակ ցոյց տալ նաեւ մեր ընկերութեան համար` աւելի լաւ ապագայի ճանապարհը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց թէ խմբային աշխատանքը, պարկեշտ խաղը եւ լաւագոյնի ձգտումը, արժանիքներ են որոնք կ՝առաջնորդեն դաշտին մէջ խաղցողներու յանձնառումը, աւեցնելով որ կարիքը կայ որ այդ արժանիքները դրսեւորուին նաեւ դաշտէն դուրս, հասարակաց կեանքի բոլոր ծաւալներէն ներս։  Անոնք արժէքներ են որ կը սատարեն կառուցելու հանդիպումի մշակոյթը, որուն մէջ օգնութեան կը հասնինք մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն կարքիներուն եւ կը պայքարինք ընդդէմ չափազանցուած անհատականութեան, անտարբերութեան եւ անարդարութեան  որոնք,  արգելք կը հանդիսանան ապրելու որպէս մէկ մարդկային ընտանիք։

Խօսքին աւարտին եւ նախ քան ներկաներուն առաքելական օրհնութիւններ շնորհելը Սրբազան Հայրը անոնց մաղթեց, որ Հռոմ՝ յաւիտենական քաղաք իրենց կատարած այցելութիւնը, կարենայ բազմապատկել իրենց երախտագիտութիւնը` ընկալուած պարգեւներուն համար եւ  կարենայ ներշնչել միշտ աւելի վեհանձնութեամբ  զանոնք կիսելու ուրիշներուն հետ, կառուցելու համար աւելի եղբայրական աշխարհ մը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.