2017-06-21 08:50:00

Վենեզուելլայի Տագնապ։ Սուրբ Աթոռը. ''միակ ուղին լուրջ եւ անկեղծ բանակցութիւնն է''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Սուրբ Աթոռը` բոլոր Վենեզուելլայի բնակչութեան բարիքը զարգացնելու միտումով ու սատարելու ներկայ իրավիճակի խաղաղ ու ժողովրդավարական լուծումին, կը վերահաստատէ իր դիրքը` հայող Վենեզուելլայի տագնապին, որուն համար հարկաւոր է կողմերու միջեւ լուրջ եւ անկեղծ բանակցութիւն''։ Այս եղաւ ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ` գերապարծ Պերնարտիթօ Աուզայի յայտարարութիւնը, Միացեալ Նահանգներու կազմակերպութեան ընդհանուր նիստի ընթացքին, որ գումարուած է Քանքունի մէջ` 19 – 21 Յունիս 2017-ին։

Սուրբ Աթոռը միշտ ունեցած է յստակ դիրքորոշում, խրախուսելով քաղաքական ղեկաւարները յանձնառու ըլլալ վերջ դնելու բռնութեան ու երաշխաւորելու ճշմարտութեան ու արդարութեան յարգանքը – յիշած է ապա գերապայծառ Աուզան իր զեկոյցին մէջ, ակնարկելով նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին ու Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարին Վենեզուելլայի եպիսկոպոսներուն հետ վերջերս ունեցած հանդիպումներուն­, ինչպէս նաեւ անցեալ 2016-ի դեկտեմբեր մէկին Կարդինալ Փարոլինին յղած նամակին, որուն մէջ Վատիկանի թիւ մէկ դիւանագէտը յստակօրէն հրաւէր ուղղած էր սկիզբ տալու նոր փուլի մը որ ընթանար դէպի ազատ ու թափանցիկ նոր ընտրութիւններ, ինչպէս նաեւ ամէն ջանք դափուի մարդկայնական օգնութիւն, ուտեստեղէն եւ դեղորայք ապահովելու բնակչութեան­, ապա ազատ արձակուին քաղաքական բանտարկեալները։

Գերապայծառ Աուզա զեկոյցին աւարտին գնահատած է կարգ մը երկիներու միջամտութիւնը ու յանձնառութիւնը ընկերանալու բանակցային գործընթացին ու երաշխաւորելու այդ ընթացքի յաջողութիւնը վերանորոգելով կոչը` միջազգային ընտանիքին միակ չի թողելու Վենեզուելլան։  








All the contents on this site are copyrighted ©.