2017-06-21 08:06:00

Եւրոմիութենէն 3 միլիոն եուրօ Հայաստանին՝ սուրիացի գաղթականներուն աջակցելու համար։


ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Եւրոմիութեան Սուրիոյ տագնապին հակազդելու շրջանային ներդրումային հիմնադրամը Յունիս 20ին, սուրիական ճգնաժամի հետեւանքներու մեղմացման ուղղուած 275 միլիոն եուրօ արժողութեամբ ծրագիր մը վաւերացուցած է:

Այդ ծրագիրով կը նախատեսուի աջակցիլ գաղթականներուն, ինչպէս նաեւ անոնց  ապաստան տուած երկիրներուն՝ Թուրքիոյ, Լիբանանին, Յորդանանին, Իրաքին, պալքանեան երկիրներուն եւ Հայաստանին:

Ծրագիրը պիտի կեդրոնանայ կրթութեան, առողջապահութեան եւ ընկերային նախաձեռնութեանց աջակցող ջանքեդրուն վրայ։

Ըստ Եւրոյանձնաժողովի հրապարակած հաղորդագրութեան՝ 275 միլիոն եուրոյէն 3 միլիոնը պիտի յատկացուի Հայաստան ապաստանած սուրիացի գաղթականներուն: Կը նախատեսուի ընդարձակել յատկապէս առողջապահական եւ հոգեբանական ծառայութիւններու մատչելիութիւնը եւ տնտեսական ծրագիրներուն մասնակցելու հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ բարելաւել բնակարանային պայմանները եւ աշակերտներու եւ ուսանողներու համարկումը:

ՄԱԿի տուեալներով՝ Սուրիոյ վեցամեայ քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով՝ աւելի քան 12 միլիոն քաղաքացի տեղահանուած է: Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան հաղորդումով՝ պատերազմին բռնկուելէն ի վեր Հայաստան ընդունած է մօտաւորապէս 22,000 սուրիահայեր:

Նշենք, որ վերոնշեալ գումարէն Թուրքիա պիտի ստանայ 126.5 միլիոն եուրօ, Լիբանան՝ 90 միլիոն, Սերպիա՝ 21 միլիոն եւ Յորդանան՝ 10 միլիոն, իսկ 25 միլիոն եուրօ պիտի տրամադրուի Թուրքիա, Լիբանան, Յորդանան եւ Իրաք ապաստանած կին գաղթականներու կարիքներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.