2017-06-20 10:20:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ուխտագնացութիւնը Պոցցոլօ եւ Պարպիանա աւաններ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 20 Յունիս 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յատուկ ուխտագնացութեամբ, մեկնեցաւ դէպի Իտալիոյ հիւսիսային շրջանի մէջ` Մանթովա քաղաքի մօտակայքը գտնուող Պոցցոլօ աւան­, մեծարելու համար Պոցցոլոյի երբեմնի ժողովրդապետ ու Իտալիոյ  եկեղեցական ակնյայտ դէմքերէն մին` Հայր Փրիմօ Մացցոլարին։

Հայր Մացցոլարի ծնած էր Քրեմոնայի մէջ` 13 Յունուար 1890-ին­ եւ մահկանացուն կնքած է 1959-ի Ապրիլ 2-ին Պոցցոլոյի մէջ, ուր նաեւ կը գտնուի անոր դամբանը։ Ան եղած է 20-րդ դարու առաջին կէսին` Իտալիոյ կաթողիկէութեան ամենէհռչակաւոր  դէմքէրէն մին։ Անոր մտքերը կանխեցին նոյնիսկ Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովին վարդապետութիւններն ու հովուական ուսուցումները­, յատկապէս հայող ''աղքատներու Եկեղեցւոյ'', ''կրօնի ազատութեան'', հեռուներու հետ երկխօսութեան...ինչպէս նաեւ եղած է հակա-ֆաշիստ ու հակառակող որեւէ տեսակ անարդարութեան ու բռնութեան։

Սրբազան Քահանայապետը Պոցցոլօ ժամանեց առաւօտեան 9,00-ին, մէկ ու կէս ժամ թռիչքէ ետք, ուր զինք դիմաւորեցին տեղւոյն քաղաքապետը ու Քրեմոնա Թեմին Եպիսկոպոսը, որոնց հետ միասին  ուղղուեցաւ  Պոցցոլոյի Սուրբ Պետրոս Եկեղեցի ուր Նորին Սրբութիւնը պահ մը ամփոփուեցաւ Հայր Փրիմօ Մացցոլարիի գերեզմանին առջեւ, ապա յատուկ խօսք մը ուղղեց Եկեղեցւոյ մէջ համախմբուած կղերական ու աշխարհական դասին, որուն սկիզբը յայտնեց թէ ինք եկած է որպէս ուխտաւոր Պոցցոլօ եւ Պարպիանա հետեւելով երկու ժողովրդապետներու քայլերուն` որոնք լուսաւոր հետքեր թողուցին, իրենց ծառայութեան առաքելութեամբ` Տիրոջ ու Աստուծոյ ժողովուրդին։

Հայր Փրիմօ Մացցոլարին որակուեցաւ որպէս Իտալիոյ ժողովրդապետ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ մէջբերելով Պօղոս Զ Քահանայապետի խօսքերը. ''Հայր Մացցոլարին մէկ քայլ յառաջ էր մեզմէ­ ու մենք չէին կարող անոր հետեւիլ։ Այնպէս որ ինք տառապեցաւ ու տառապեցանք նաեւ մենք. Ասիկա մարգարէներու ճակատագիրն է''։

Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ ապա Հայր Մացցոլարիի կազմաւորումին ու անոր առաքելական պատգամին ու նուիրումին որպէս ժողովապետ, անխոնջ քարոզիչ, դաստիարակ ու մասնակից մարդոց տառապանքին եւ Աստուծոյ ողորմութեան վկայ։

''Հայր Մացցոլարի չ՛եղաւ անցեալը փնտռող անձ մը, այլ փորձեց բարեփոխել եկեղեցին ու աշխարհը, անվերապահ սիրոյ ու նուիրումի միջոցաւ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով Հայր Մացցոլարիի որդեգրած գործելակերպին ու հաստատելով թէ Ան եւս կը մտածեր ''դէպի դուրս'' եկեղեցի մը, արդարեւ ան ըսած է ''Քալելու համար հարկաւոր է դուրս գալ տունէն ու Եկեղեցիէն'', ու երթալ դէպի Աստուծոյ ժողովուրդը։ Ան մեծապէս համոզուած էր որ աշխարհի ճակատագիրը կը կազմուի արուարձաններու մէջ, ու իր մարդկայնութիւնը դարձուց Աստուծոյ ողորմութեան գործիք, նման աւետարանական առակին հօր, եւ ասոր համար ան անուանուեցաւ նաեւ հեռուներու ժողովրդապետ, որովհետեւ միշտ փնտռեց ու սիրեց հեռուները ու մտահոգուեցաւ անոնց ճակատագիրով - յարեց ապա Քահանայապետը ակնարկելով թէ  Հայր Փրիմօ Մացցոլարին ստիպուած եղաւ դիմագրաւել նաեւ տարբեր հարցեր, պատերազմ, բռնատիրութիւն, եղբայրասպան հակամարտութիւններ ու իր ժողովուրդին ապրած տառապանքը։ Ան սակայն այս բոլորը դիմագրաւեց անվախ­, վստահելով Քրիստոսին, նշեց Սրբազան Պապը ու մատնանշեց Հայր Փրիմօ Մացցոլարիի աղքատներուն ի սպաս մատուցած ծառայութեան, դիտել տալով թէ ան  գիտցաւ զանազանել Աստուծոյ գործելակերպը մարդոց գործելակերպէն. Մարդուն գործելակերպը շատով քիչ կ՛ընէ։ Աստուծոյ գործելակերպը ոչինչով ամէն ինչ կ՛ընէ։  Ասոր համար աւետիսին հաւաստիութիւնը կ՛անցնի Եկեղեցւոյ պարզութեան ու աղքատութեան ընդմէջէն։ Եթէ կ՛ուզենք համեստ ժողովուրդը բերել եկեղեցի, պէտք է որ աղքատը այնտեղ գտնէ Աղքատի հոգին` այսինքն Յիսուս Քրիստոսի Հոգին, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մէջբերելով Հայր Մացոլարիի գրութիւններէն խօսքեր ուր ան կը հաստատէ թէ ''Ան որ աղքատը կը ճանչնայ­, կը ճանչնայ իր եղբայրը եւ ան որ եղբայրը կը տեսնէ, կը տեսնէ Քրիստոսը''։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքին աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց զինք ընդունելուն համար ու հրաւիրեց ներկաները հպարտանալու հայր Մացոլարիի նման քահանաներով ինչպէս նաեւ խրախուսեց ըլլալու անոր նման քահանաներ ու քրիստոնեաներ­, ապա խորհրդածութիւնը եզրափակեց Հայր Մացոլարիի յօրինած մէկ աղօթքով­, որուն մէջ ան կը հաստատէ թէ Քրիստոս եկած է բոլորին համար, եւ թէ ոչ մէկը դուրս կը մնայ փրկութեան ծրագիրէն, որովհետեւ ոչ մէկը բացառուած է Տիրոջ սէրէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.