2017-06-20 12:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Պարպիանա աւանին մէջ այցելեց Տոն Լորենցօ Միլանիի դամբարանը


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 20 յունիս 2017-ին, Ւտալիոյ  Պարպիանա աւանին կատարած ուխտագնացութեան ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Տոն Լորենցօ Միլանիի դամբարանը՝  անոր մահուան 50 ամեակի առիթով, ապա գերեզմանատան եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում ունեցաւ Տոն Միլանիի  երբեմնի աշակերտողներուն հետ, հուսկ եկեղեցւոյ կից գտնուող պարտէզին մէջ,  Սրբազան Քահանայապետը, պատգամով մը մեծարեց Տոն Միլանիի յիշատակը, ի ներկայութեան Պարպիանա թեմի  խումբ մը քահանաներուն եւ սաներու տան մէջ հիւրընկալուած պատանիներու, շուրջ 200 հոգի։      

Ներկաներու յղած պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը յարեց, թէ ինք Պարպիանա եկաւ,  ոգեկոչելու համար քահանայի մը յիշատակը, որ վկայեց թէ ինչպէս քրիստոսին մեր անձը նուիրելով  կը հանդիպինք կարիքաւոր եղբայրներուն, կը ծառայենք անոնց,  որպէսզի անոնց արժանապատուութիւնը պաշտպանուի ու զարգանայ, Յիսուսի՝ մինչեւ մահ ցուցաբերած միեւնոյն անձնուիրումով։

Սրբազան Հայրը ապա  իր ուրախութիւնը յայտնեց Տոն Լորենցօ Միլանիի աշակերտողներուն հետ հանդիպելուն համար, նշելով թէ անոնք վկաներ են, թէ  ինչպէս քահանայ մը ապրած է իր առաքելութիւնը այն վայրերուն մէջ ուր եկեղեցին կանչած է զինք՝  աւետարանի եւ իւրաքանչիւր անձի հանդէպ լիուլի հաւատարմութեամբ։  Վկաները  Տոն Միլանիի դաստիարակչութեան նկատմամբ  սիրոյն ու անոր առաջադրանքին` անձերուն մէջ վերազարթնելու մարդկայնութիւնը՝ որպէսզի  բանայ  աստուածայինին։

Ֆրանչիկսոս Պապ ապա յարեց թէ Տոն Լորենցոյին համար դպրոցը,  տարբեր բան մը  չէր իր քահանայական առաքելութենէն, այլ  շօշափելի կերպով ան կը կատարէր իր առաքելութիւնը անոր պարգեւելով զօրեղ հիմք մը։  

''Տոն Լորենցոն լաւապէս հասկցած էր աղքատներու խօսք վերադարձնելու կարեւորութիւնը, որովհետեւ առանց խօսքի չկայ արժանապատուութիւն, ուստի չկայ ոչ իսկ  ազատութիւն եւ արդարութիւն''  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւեցնելով, որ  խօսքը ճանապարհն է բանալու համար   լիուլի քաղաքացիութեան դուռը ընկերութեան մէջ, աշխատանքի , եկեղեցւոյ լիուլի պատկանելիութեամբ ու գիտակից  հաւատքի միջոցաւ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը ուղղելով այնտեղ  գտնուող երիտասարդներուն. որոնք կարիքը ունին  առաջնորդուելու իրենց աճումի  ուղեւորութեան մէջ, շնորհակալութիւն յայտնեց դաստիարակիչներուն  բարձր արժեւորելով  անոնց առաքելութիւնը որ լի է խոչընդոտներով սակայն նաեւ ուրախութեամբ ըսաւ Քահանայապետը  ու հրաւէր ուղղեց հոն գտնուող քահանաներուն  սիրելու եկեղեցին այնպէս ինչպէս սիրած էր Հայր Միլանին՝ անկեղծութեամբ եւ ճշմարտութեամբ,   Սիրենք Եկեղեցին ու սիրցնենք զայն ցոյց տալով անոր Մայրական հոգատարութիւնը բոլորին յատկապէս աղքատներուն ու դիւրաբեկներուն։ Հայր Միալնիին եկեղեցին ունէր մայրական դիմագիծ հոգատար ու ձգտող բոլորին հնարաւորութիւնը ընծայելու հանդիպելու Աստուծոյ։

Նախ քան ճառը աւարտելը Սրբազան Քահանայապետը ուզեց ընդգծել թէ իր այս ուխտագնացութիւնը կ՛ուզէ հանդիսանալ Հայ Լորենցօ Միլանիի նկատմամբ ու յատկապէս անոր առաքելութեան նկատմամբ ճանաչում, համապատասխանելով Հայր Միլանիի խնդրանքին ճանչցուելու ու հասկցուած ըլլալու որպէս նուիրեալ քահանայ հաւատարիմ Աւետարանին ու հովուական ծառայութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.